Թր­քա­կան «Ա­նա­տո­լու» լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը կը հա­ղոր­դէ, որ Հ­րանդ Տին­քի սպա­նու­թեան հար­ցով ըն­թա­ցող հե­տաքն­նու­թեան ծի­րին մէջ 9 ոս­տի­կան ձեր­բա­կա­լե­լու ո­րո­շում տրուած է: Ա­նոնց շար­քին են Պոլ­սոյ հե­տա­խու­զա­կան բա­ժան­մուն­քի նախ­կին տնօ­րէն Ահ­մեթ Իլ­հան Կիւ­լեր եւ Անվտան­գու­թեան Գլ­խա­ւոր Վար­չու­թեան հե­տա­ խու­զա­կան բա­ժան­մուն­քի թեք­նիք հար­ցե­րով են­թա­բա­ժի­նի նախ­կին ղե­կա­վար Եու­նուս Եա­զար:

Տին­քի սպա­նու­թեան գոր­ծը քննող Պոլ­սոյ հան­րա­պե­տա­կան դա­տա­խա­զու­թեան ա­հա­բեկ­չու­թեան եւ կազ­մա­կեր­պուած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու դէմ բա­ժան­մուն­քի դա­տա­խազ Կէօ­քալփ Քէօք­չուն 9 ոս­տի­կան­նե­րը ձեր­բա­կա­լե­լու ո­րո­շում տո­ւած է «կան­խամ­տա­ծո­ւած յան­ցա­գոր­ծու­թեան ա­ջակ­ցե­լու, պաշ­տօ­նա­կան թղթա­բա­նու­թեան մէջ զեղ­ծա­րա­րու­թեան, պաշ­տօ­նա­կան փաս­տա­թուղթ պա­հե­լու եւ ան­հե­տաց­նե­լու» հիմ­նա­ւո­րում­նե­րով: