Ատրպէյճան զինուորական 60 ուղղաթիռ պիտի գնէ Թուրքիայէն
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Ատրպէյճանական Haqqin.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա 3 միլիառ տոլար արժողութեամբ AgustaWestland-TAI մակնիշի ATAK տեսակի զինուորական 60 ուղղաթիռ պիտի վաճառէ Ատրպէյճանին: Agusta Westland անգլեւիտալական ընկերութիւն մըն է, որ 2007ին Անգարայի հետ պայմանագիր կնքած էր, Թուրքիոյ մէջ կազմելի 51 ուղղաթիռի արտադրութեան համար: Այդ պայ մանագրին տրամադրութիւններուն մաս կը կազմէր ի հարկին արտադրութիւնը 91ի բարձրացնել: Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանի մատակարարուող յարձակողական այս ուղղաթիռները օժտուած են 20 մմ.նոց հրնտներով, «օդէն՝ ցամաք» եւ «օդէն՝ օդ» տեսակի արկերով: