­Թր­քա­կան Hurriyet թեր­թի լրագ­րող եւ CNNturkի հա­ղոր­դա­վար Ահ­մետ Հա­քան, Սեպ­տեմ­բեր 30ի ե­րե­կո­յեան, տան դի­մաց դա­ժան ծե­ծի են­թար­կո­ւած է 4 հո­գիի կող­մէ,- կը գրէ News.am: Թր­քա­կան CNNturkի փո­խանց­մամբ` հեր­թա­կան հա­ղորդ­ման ա­ւար­տէն ետք Ահ­մետ Հա­քան, ուշ ե­րե­կո­յեան տուն եր­թա­լու ա­տեն, ա­նոր մե­քե­նա­յին ե­տե­ւէն թոյլ կեր­պով հա­րո­ւա­ծած է սեւ մե­քե­նայ մը: Այ­նու­հետ մե­քե­նա­յին մէջ գտնո­ւող­նե­րը, ա­ռանց ո­րե­ւէ բառ ը­սե­լու, ի­ջած եւ ծե­ծի են­թար­կած են Ահ­մետ Հա­քանն ու ա­նոր թիկ­նա­պա­հը:

Ահ­մեդ Հա­քան կոտ­րո­ւածք­նե­րով տե­ղա­փո­խո­ւած է հի­ւան­դա­նոց, սա­կայն կեան­քին վտանգ չի սպառ­նար:

Ա­ւե­լի ուշ յայտ­նի դար­ձած է, որ յար­ձա­կու­մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած 4 ան­ձերն ալ ձեր­բա­կա­լո­ւած են: Ոս­տի­կան­նե­րը կ­՛ու­սում­նա­սի­րեն յար­ձա­կում ի­րա­կա­նաց­նող­նե­րուն կա­պը հնա­րա­ւոր պա­տո­ւի­րա­տու­նե­րու հետ, քա­նի որ վեր­ջին շրջա­նին Ահ­մետ Հա­քան լա­րո­ւած բա­նա­վէ­ճե­րու մէջ ե­ղած է իշ­խա­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ:

Ն­շենք, որ Ահ­մետ Հա­քան յայտ­նի է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ա­պա­ցու­ցող իր 7 կէ­տա­նոց տե­սու­թեամբ: Թուրք լրագ­րո­ղը 7 կէ­տով ա­պա­ցու­ցած է, որ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն գոր­ծո­ւած է հա­յու­թեան դէմ: