Թրքական «Ենի Շաֆաք» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Անգարայի մէջ տեղի ունեցող ժողովին ընթացքին քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութիւնը ներկայացուցած է իր նախընտրական ծրագիրը: Կուսակցութեան համանախագահներ Սելահաթթին Տեմիրթաշի եւ Ֆիկեն Եիւքսեքտաղի կողմէ ներկայացուած նախընտրական ծրագիրին մէջ կը նշուի, որ ընտրուելու պարագային կուսակցութիւնը կը պատրաստուի ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այդ կէտը ընդունուած է ծափահարութիւններով: «Կուսակցութիւնը պատմութեան ընթացքին տարբեր ազգերու դէմ գործուած ցեղասպանութիւններու եւ կոտորածներու համար պետութեան անունով ներում հայցելու համար աշխատանք պիտի տանի»,- ըսած է Եիւքսեքտաղ, ինչին սրահին մէջ ներկաները ծափահարութիւններով արձագանգած են: Քիւրտ գործիչը նշած է, որ ընտրուելու պարագային իրենք պիտի վերցնեն Հայաստանի տնտեսական շրջափակումը եւ պիտի զարգացնեն տնտեսական, քաղաքական ու դիւանագիտական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ առանց նախապայմաններու պիտի բանան Հայաստան – Թուրքիա սահմանը: «Հայերուն հետ բարեկամութեան կամուրջներ պիտի կառուցենք»,- ըսած է ան: Թուրքիոյ քրտամէտ կուսակցութիւնը կը խոստանայ պետականօրէն ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Թրքական «Ենի Շաֆաք» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Անգարայի մէջ տեղի ունեցող ժողովին ընթացքին քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութիւնը ներկայացուցած է իր նախընտրական ծրագիրը: Կուսակցութեան համանախագահներ Սելահաթթին Տեմիրթաշի եւ Ֆիկեն Եիւքսեքտաղի կողմէ ներկայացուած նախընտրական ծրագիրին մէջ կը նշուի, որ ընտրուելու պարագային կուսակցութիւնը կը պատրաստուի ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այդ կէտը ընդունուած է ծափահարութիւններով: «Կուսակցութիւնը պատմութեան ընթացքին տարբեր ազգերու դէմ գործուած ցեղասպանութիւններու եւ կոտորածներու համար պետութեան անունով ներում հայցելու համար աշխատանք պիտի տանի»,- ըսած է Եիւքսեքտաղ, ինչին սրահին մէջ ներկաները ծափահարութիւններով արձագանգած են: Քիւրտ գործիչը նշած է, որ ընտրուելու պարագային իրենք պիտի վերցնեն Հայաստանի տնտեսական շրջափակումը եւ պիտի զարգացնեն տնտեսական, քաղաքական ու դիւանագիտական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ առանց նախապայմաններու պիտի բանան Հայաստան – Թուրքիա սահմանը: «Հայերուն հետ բարեկամութեան կամուրջներ պիտի կառուցենք»,- ըսած է ան: