Monte Melkonyan Cyber Army հայկական կայքահէնական խումբը, Սեպտեմբեր 27ին, յարձակում գործած է ատրպէյճանական պետական տասնեակ մը կայքէջերու վրայ: Համացանցի վրայ, ի շարս այլոց, հրապարակած է Ատրպէյճանի Արտակարգ Իրավիճակներու նախարարութեան փաստաթուղթերուն մէկ մասը:
Յայտնապէս, այս յարձակման պատճառ դարձած է ատրպէյճանական բանակի գործողութիւններուն աշխուժացումը սահմանին վրայ եւ հայկական խաղաղ գիւղերու գնդակոծումը: Արդարեւ, հայկական կայքահէնական խումբը իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ կ՚ըսէ, որ ատիկա միայն փաստաթուղթերու մէկ մասն է եւ իրենք մտադիր են շարունակելու տուեալներու հրապարակումը, եթէ ատըրպէյճանական կողմը չդադրեցնէ գրոհները հայկական բնակավայրերուն վրայ:
«Ասիկա վերջին նախազգուշացումն է, եթէ յարձակում կատարուի Հայաստանի դէմ, մենք ցոյց կու տանք նախարարութեան այլ փաստաթուղթեր ալ։ Հայաստանի վրայ յարձակելէ առաջ 10 անգամ մտածէ»,- գրած են հայ կայքահէնները իրենց յարձակած կայքէջերուն պաստառներուն վրայ: