Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու, որ անցեալին կը յայտարարէր, թէ հայկական սփիւռքը նաեւ Թուրքիոյ սփիւռքն է, Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող թուրքերուն կոչ ուղղած է պայքարելու հայկական սփիւռքին դէմ: Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու Ա.Մ.Ն.ի մէջ Մ.Ա.Կ.ի համաժողովին մասնակցելու
ընթացքին հանդիպած է նաեւ թրքական հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Տաւութօղլու հանդիպման ժամանակ կոչ ուղղած է պայքարելու հայկական, հրէական, յունական եւ այլ լոպպիներու դէմ: Տաւութօղլու նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Ա.Մ.Ն.ի թուրքերուն` Ապրիլ 24ին Ցեղասպանութեան ժխտման համար անոնց իրականացուցած հանրահաւաքներուն համար: