Սեպ­տեմ­բեր 28ին, Ատր­պէյ­ճա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ տա­րա­ծո­ւած տե­ղե­կու­թիւ­նը առ այն, թէ իբր ղա­րա­բա­ղա-ատրպէյ­ճա­նա­կան հա­կա­մարտ զօր­քե­րու շփման գի­ծին վրայ տե­ղի ու­նե­ցած հեր­թա­կան առ­ճա­կատ­ման ար­դիւն­քով ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը տո­ւած է 3, իսկ հայ­կա­կան կող­մը` 7 կո­րուստ, ոչ միայն չէր

հա­մա­պա­տաս­խա­ներ ի­րա­կա­նու­թեան, այ­լեւ իր սո­վո­րու­թեան հա­մա­ձայն, պաշ­տօ­նա­կան Պա­քուն փոր­ձած է սե­փա­կան կո­րուստ­նե­րու ի­րա­կան թի­ւը վե­րագ­րել ղա­րա­բա­ղեան կող­մին. կը տե­ղե­կաց­նէ Լ.Ղ.Հ. Պ.Ն. մա­մու­լի ծա­ռա­յու­թիւ­նը:

Ինչ­պէս յայտ­նի դար­ձած է պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի հա­մա­պա­տաս­խան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու կող­մէ ձեռք­բե­րո­ւած տո­ւեալ­նե­րէն, բա­ցի ար­դէն ե­րէկ յայ­տա­րա­րո­ւած զո­հե­րէն, ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­նա­կը Սեպ­տեմ­բեր 28-ին ու­նե­ցած է եւս 6 կո­րուստ` Շա­հիեար Ա­լի օղ­լու Ու­յա­տով /զօ­րա­կո­չո­ւած է 13.01.2015/, Է­յուպ Ապ­տուլ­լա օղ­լու Ռա­մա­զա­նով /զօ­րա­կո­չո­ւած է 28.04.2015/, Նի­ջաթ Մեհ­ման օղ­լու Եա­րաեւ /զօ­րա­կո­չո­ւած է 08.12.2014/, Ահ­մետ Ջի­ւան­շիր օղ­լու Է­յու­պով /զօ­րա­կո­չո­ւած է 08.12.2014 /, Է­լուին Մուշ­րու օղ­լու Եու­սու­ֆով /զօ­րա­կո­չո­ւած է 15.12.2014/ եւ Սա­միր Սա­պիր օղ­լու Ահ­մե­տով /զօ­րա­կո­չո­ւած է 18.07.2014/:
­Կա­տա­րո­ւա­ծը ցոյց կու տայ, որ Ատր­պէյ­ճա­նի պաշտ­պա­նա­կան գե­րա­տես­չու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ թաքց­նել իր ի­րա­կան կո­րուստ­նե­րը` սե­փա­կան հան­րու­թեան մո­լո­րու­թեան մէջ պա­հե­լու եւ ընտ­րած յան­ցա­ւոր մար­տա­վա­րու­թեան ան­յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը քօ­ղար­կե­լու նպա­տա­կով:
­Հա­կա­ռակ վե­րոն­շո­ւած կո­րուստ­նե­րու փաս­տին, հա­կա­ռա­կոր­դը Սեպ­տեմ­բեր 28ին եւ լոյս 29ի գի­շե­րը շա­րու­նա­կած է բուռն կեր­պով խախ­տել հրա­դա­դա­րը:
Ն­շո­ւած ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծին հա­կա­ռա­կոր­դին կող­մէ հրա­դա­դա­րը խախ­տո­ւած է շուրջ 110 ան­գամ, ո­րուն ըն­թաց­քին, տար­բեր տրա­մա­չա­փի հրաձ­գա­յին զի­նա­տե­սակ­նե­րէ, ինչ­պէս նաեւ 60 /76 արկ/, 82 /31 արկ/, եւ 120մմ /5 արկ/ ա­կա­նա­նետ­նե­րէ ու ՀԱՆ-17  /15 արկ/ տի­պի նռնա­կա­նե­տե­րէ, հայ դիր­քա­պահ­նե­րու  ուղ­ղու­թեամբ ար­ձա­կուած է ա­ւե­լի քան 1600 կրա­կոց:
­Վե­րոն­շո­ւած զի­նա­տե­սակ­նե­րէն բա­ցի հայ­կա­կան դիր­քե­րու ուղ­ղու­թեամբ հա­կա­ռա­կոր­դը կի­րա­ռած է նաեւ TR-107 տի­պի հրթի­ռահ­րե­տա­նա­յին կա­յանք /11արկ/:
ՊԲ յա­ռա­ջա­պահ զօ­րա­մա­սե­րը վստա­հօ­րէն կ­՛ի­րա­կա­նաց­նեն ի­րենց առ­ջեւ դրո­ւած մար­տա­կան խնդի­րը եւ անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին կը դի­մեն պատ­ժիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու: