«­Տե­մոք­րաթ­հա­պեր» կայ­քը կը հա­ղոր­դէ, որ Թուր­քիոյ բարձ­րա­գոյն ընտ­րա­կան խոր­հուր­դը մեր­ժած է պոլ­սա­հայ մտա­ւո­րա­կան, լե­զո­ւա­բան Սե­ւան Ն­շա­նեա­նը Ա­զա­տա­կան Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ խորհըր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն իբ­րեւ թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րե­լու դի­մու­մը` ա­նոր դատո­ւած ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռով:

Ն­շենք, որ Ն­շա­նեա­նի թեկ­նա­ծու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­պէս ա­ռա­ջադ­րո­ւած էր 17 Սեպ­տեմ­բե­րին եւ ան կու­սակ­ցու­թեան ցու­ցա­կին մէջ կը գրա­ւէր ա­ռա­ջին դիր­քը: Յու­նո­ւար 2014էն ի վեր 11 տա­րի ժամ­կէ­տով բան­տար­կո­ւած Սե­ւան Ն­շա­նեան ձեր­բա­կա­լո­ւած է օ­րէն­քով ի­րեն պատ­կա­նող տա­րած­քին մէջ «ա­պօ­րի­նի» շի­նա­րա­րու­թիւն կա­տա­րե­լուն հա­մար: