Թրքական այսպէս կոչուած «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ միաւորում» կազմակերպութիւնը արշաւ սկսած է Թուզլուջայի մէջ փակցուած հայատառ գրութեամբ ցուցանակը հանելու համար, ermenihaber.amի փոխանցմամբ` կը յայտնէ թրքական «Սոնդաքիքա» լրատուական կայքը: Կազմա կերպութեան նախագահ Գէոքսէք Կիւլպէյ պահանջած է հեռացնել Թուրքիոյ Իգդիր նահանգի համանուն գաւառի կեդրոն հանդիսացող Թուզլուջա (պատմ. Կողբ) քաղաքի մուտքին ու ելքին փակցուած ցուցանակներու հայատառ գրութիւնը` պնդելով, թէ իբր 1915-20 թուականներուն Թուզլուջայի մէջ հայերու կողմէ մահմետականներ սպաննուած են, ուստի հայատառ գրութիւնը նպատակայարմար չէ: Կիւլպէյ յայտարարած է, որ իրենք կը պատրաստուին պայքարը տեղափոխել իրաւական դաշտ եւ այս հարցով պիտի դիմեն կառավարութիւն ու Իգդիրի նահանգապետարան:
Նշենք, որ օրերս Թուզլուջա քաղաքի մուտքին ու ելքին թրքերէն, քրտերէն, հայերէն ու անգլերէն լեզուներով «Բարի եկաք» եւ «Ցտեսութիւն» գրութեամբ ցուցանակներ ամրացուած են: Կողբի համաքաղաքապետ Մեհմեթ Գիւլթեքին այս խնդրին մասին խօսելով՝ յատուկ անդրադարձած է ցուցատախտակի վրայ տեղ գտած նաեւ հայերէն գրութեան: Ան նշած է, որ Կողբը Հայաստանի հետ սահմանակից գաւառ է՝ աւելցնելով, որ այստեղ անցեալին հայեր ապրած են ու դեռ շատ վայրերու անուններ կ’անուանուին հայկական տարբերակներով: