-
Details
-
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
-

Թուրքիոյ յառաջիկայ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ, Թուրքիոյ կուսակցութիւնները հրապարակած են իրենց առաջադրած թեկնածուներու ընտրական ցուցակները: Իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը, Հանրապետական Ժողովուրդի կուսակցութիւնն ու Ժողովուրդներու Ժողովր դավարական կուսակցութիւնը դարձեալ առաջադրած են 7 Յուլիսի ընտրութիւններուն ընթացքին ընտրուած իրենց հայ թեկնածուները: Իշխող կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածուն է պոլսահայ լրագրող, գրող Մարգար Եսայեան, որ ժամանակին վարած է նաեւ «Թարաֆ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը: Հանրապետական Ժողովուրդի կուսակցութիւնը առաջադրած է պոլսահայ իրաւաբան Սելինա Օզուզուն Տողանի` Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ առաջին կին անդամին թեկնածութիւնը: Քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութիւնը առաջադրած է թեկնածութիւնը Կարապետ (Կարօ) Փայլանի, որ Պոլսոյ Եշիլքէօյ թաղամասին մէջ գտնուող հայկական դպրոցի տնօրէնն է եւ մեծ հեղինակութիւն կը վայելէ Պոլսոյ հայ համայնքին մէջ: