Թուրքիոյ հայերուն վրայ յարձակումները դատապարտելու կոչ
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Հայ Իրաւաբաններու Միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ մէջ տեղի հայերուն հասցէին կատարուած յարձակումներուն եւ սպառնալիքներուն գծով նամակներ յղած է Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Իտալիոյ, Աւստրալիոյ, Գերմանիոյ, Պելճիքայի, Յունաստանի, Սպանիոյ, Զուիցերիոյ, Ռուսիոյ, Լիբանանի, Իսրայէլի եւ Քոլոմպիոյ դեսպաններուն, ինչպէս նաեւ՝ Պոլսոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսին։ Միութեան ատենապետ Հերի Տիգրանեանի ստորագրութիւնը կրող նամակներուն մէջ դատապարտուած են յատկապէս Պոլսոյ Թուզլա շրջանի «Արմէն» ճամբարին մէջ երիտասարդներուն վրայ Օգոստոս 13ին տեղի ունեցած յարձակումը եւ Սեպտեմբեր 9ի երեկոյեան թուրք ազգայնամոլներու կողմէ Պոլսոյ հայկական թաղամասերուն մէջ տեղի ունեցած բողոքի վայրագ ցոյցը, որուն ընթացքին հայութեան հասցէին սպառնալիքներ կատարուած էին։