Թուրքիայէն գաղթելով Յունաստանի մէջ բնակութիւն հաստատած Պոլսեցի Յոյներու Տիեզերական Դաշնակցութիւնը, 6-7 Սեպտեմբեր 1955ի դէպքերու 60ամեակին առթիւ, պահանջներ ներկայացուցած է Թուրքիոյ պետութեան։ Դաշնակցութեան նախագահ Նիկողայոս Ուզունօղլուի եւ ընդհանուր քարտուղար Նիկողայոս Անակ նաստափուլոյի ստորագրութեամբ, մէյ-մէկ նամակ ղրկուած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Իսմէտ Եըլմազի եւ քաղաքական կուսակցութիւններու կեդրոններուն։ Նամակին մէջ կը պահանջուի, որ Թուրքիա զղջում յայտնէ 6-7 Սեպտեմբերի պատահածներուն համար եւ պոլսեցի յոյներու այս առթիւ վիճակուած տառապանքը սփոփէ՝ ետ դարձի կոչ մը հրապարակելով։ Նամակի հեղինակներէն Պոլսեցի Յոյներու Տիեզերական Դաշնակցութեան ատենապետ Նիկողայոս Ուզունօղլու յայտնած է, թէ այս դիմումին հիմք կը կազմէ Մ.Ա.Կ.ի 60/147 բանաձեւը։ Ան նաեւ դիտել տուած է, որ 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը 1950է ետք Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան նահանջի կարեւորագոյն ազդակը եղած են։ Ան նաեւ նշած է, որ իրենց միութիւնը անցեալին ալ այս բնոյթով դիմում մը կատարած էր, որ անպատասխան մնաց։ Իսկ վարչապետ Տաւութօղլու 5 Դեկտեմբեր 2014ին հանդիպում մը ունեցած է միութեան վարիչներուն հետ, Աթէնքի մէջ։ Յոյներու պահանջներուն մէջ ուշագրաւ են պատմական «Յունաց Գրականութեան Միութեան» արխիւներուն Անգարայէն Պոլիս ետ բերուիլը, Պէյօղլուի Աղջկանց Կեդրոնական Վարժարանին համալսարան ըլլալով վերաբացուելուն աջակցիլ, անհատական սեփականութիւններու մասին գործադրուած սահմանափակումներու վերացումը եւ այլն։ Այս բոլորին մէջ ամենաուշագրաւ պահանջը կը մնայ 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն հրապարակաւ եւ պաշտօնապէս պախարակումը։ Երեւոյթ մը՝ որուն խորհրդանշական իմաստը շատ աւելի նշանակալից է, քան որեւէ նիւթական հատուցում։ Յոյները զղջում կը պահանջեն
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Թուրքիայէն գաղթելով Յունաստանի մէջ բնակութիւն հաստատած Պոլսեցի Յոյներու Տիեզերական Դաշնակցութիւնը, 6-7 Սեպտեմբեր 1955ի դէպքերու 60ամեակին առթիւ, պահանջներ ներկայացուցած է Թուրքիոյ պետութեան։ Դաշնակցութեան նախագահ Նիկողայոս Ուզունօղլուի եւ ընդհանուր քարտուղար Նիկողայոս Անակ նաստափուլոյի ստորագրութեամբ, մէյ-մէկ նամակ ղրկուած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Իսմէտ Եըլմազի եւ քաղաքական կուսակցութիւններու կեդրոններուն։ Նամակին մէջ կը պահանջուի, որ Թուրքիա զղջում յայտնէ 6-7 Սեպտեմբերի պատահածներուն համար եւ պոլսեցի յոյներու այս առթիւ վիճակուած տառապանքը սփոփէ՝ ետ դարձի կոչ մը հրապարակելով։ Նամակի հեղինակներէն Պոլսեցի Յոյներու Տիեզերական Դաշնակցութեան ատենապետ Նիկողայոս Ուզունօղլու յայտնած է, թէ այս դիմումին հիմք կը կազմէ Մ.Ա.Կ.ի 60/147 բանաձեւը։ Ան նաեւ դիտել տուած է, որ 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը 1950է ետք Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան նահանջի կարեւորագոյն ազդակը եղած են։ Ան նաեւ նշած է, որ իրենց միութիւնը անցեալին ալ այս բնոյթով դիմում մը կատարած էր, որ անպատասխան մնաց։ Իսկ վարչապետ Տաւութօղլու 5 Դեկտեմբեր 2014ին հանդիպում մը ունեցած է միութեան վարիչներուն հետ, Աթէնքի մէջ։ Յոյներու պահանջներուն մէջ ուշագրաւ են պատմական «Յունաց Գրականութեան Միութեան» արխիւներուն Անգարայէն Պոլիս ետ բերուիլը, Պէյօղլուի Աղջկանց Կեդրոնական Վարժարանին համալսարան ըլլալով վերաբացուելուն աջակցիլ, անհատական սեփականութիւններու մասին գործադրուած սահմանափակումներու վերացումը եւ այլն։ Այս բոլորին մէջ ամենաուշագրաւ պահանջը կը մնայ 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն հրապարակաւ եւ պաշտօնապէս պախարակումը։ Երեւոյթ մը՝ որուն խորհրդանշական իմաստը շատ աւելի նշանակալից է, քան որեւէ նիւթական հատուցում։