altԵւ­րո­խորհր­դա­րա­նը մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րը խախ­տող ատր­պէյ­ճան­ցի պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու նկատ­մամբ հաս­ցէա­կան պատ­ժա­մի­ջոց­ներ կի­րար­կե­լու կոչ պա­րու­նա­կող բա­նա­ձեւ մը ըն­դու­նած է: Այս մա­սին, ինչ­պէս կը հա­ղոր­դէ «Ար­մէնփրես», կը հա­ղոր­դո­ւի Եւ­րո­պա­կան ­Խորհըր­դա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քին մէջ: ­Բա­նա­ձե­ւի օգ­տին քո­ւէար­կած են նիս­տին 365 մաս­նա­կից խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րէն 202ը:

­Բա­նա­ձե­ւին մէջ կը նշո­ւի Ատր­պէյ­ճա­նէ ներս բռնաճն­շում­նե­րու եւ ձեր­բա­կա­լո­ւած ի­րա­ւա­պաշտ­պան­նե­րու ու լրագ­րող­նե­րու թի­ւի ա­ճի մա­սին:

­Բա­նա­ձե­ւի 17րդ ­յօ­դո­ւա­ծին մէջ կ­՛ը­սո­ւի, որ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նը պէտք է քննար­կէ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու խախտ­ման մէջ մե­ղա­ւոր ատր­պէյ­ճան­ցի պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու նկատ­մամբ Եւ­րո­միու­թեան կող­մէ հաս­ցէա­կան պատ­ժա­մի­ջոց­ներ (նաեւ վի­զա­յի ար­գելք) կի­րար­կե­լու հար­ցը:

­Բա­ցի այդ, Եւ­րո­միու­թիւ­նը պէտք է Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան կոչ ը­նէ չե­ղեալ յայ­տա­րա­րե­լու Ե.Ա.Հ.Կ. ­Պա­քո­ւի գրա­սե­նեա­կը փա­կե­լու ո­րո­շու­մը եւ շա­րու­նա­կէ այդ կազ­մա­կեր­պու­թեան հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը:

­Բա­նա­ձե­ւի 21րդ ­յօ­դո­ւա­ծին մէջ հե­ղի­նակ­նե­րը Եւ­րո­միու­թեան եր­կիր­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Եւ­րո­միու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց ծա­ռա­յու­թեանց կոչ կ­՛ուղ­ղեն հրա­ժա­րե­լու Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ խորհըր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն դի­տորդ­ներ ու­ղար­կե­լու մտադ­րու­թե­նէն: «­Ներ­կայ պայ­ման­նե­րու մէջ դի­տորդ­ներ ու­ղար­կե­լը ա­նի­մաստ է եւ կը ծա­ռա­յէ ընտ­րու­թիւն­նե­րու օ­րի­նա­կա­նաց­ման, ո­րոնք կ­՛անց­նին լուրջ խախ­տում­նե­րով»,- կ­՛ը­սո­ւի բա­նա­ձե­ւին մէջ:

Ըն­դու­նո­ւած բա­նա­ձե­ւին նա­խա­գի­ծը Եւ­րո­խորհրդա­րան ներ­կա­յա­ցու­ցած էր Ա­զա­տա­կան-Ըն­կեր­վա­րա­կան­նե­րու խմբակ­ցու­թիւ­նը (ALDE group): Իսկ վեր­ջին պա­հուն ա­նի­կա քննարկ­ման ներ­կա­յա­ցո­ւած է Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի բո­լոր խմբակ­ցու­թեանց ա­նու­նով: