Թուրքիոյ «Պիլկի մերքեզի» հետազօտական եւ հրատարակչական ընկերութեան սեփականատէրեր Մուրատ Ռումեւլեքլիօղլուն, Մուրատ Պիչերը եւ թարգմանիչ Եաւուզ Այտընը այցելած են Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի փոխանորդ Արամ Աթէշեանին: Վկայակոչելով թրքական «Beyazgazete.com» լրատուական կայքը՝ Ermenihaber.am կը նշէ, թէ այցի ընթացքին անոնք պատրիարքարանին նուիրած են Թուրքիոյ կրօնական հարցերով նախարարութեան աջակցութեամբ հայերէնի թարգմանուած Քուրանի 1000 օրինակ, 500ը` արեւելահայերէնով, 500ը` արեւմտահայերէնով:
Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի փոխանորդ Արամ Աթէշեան շնորհակալութիւն յայտնած է այցին համար եւ նշած, որ մինչ այժմ Քուրանի որեւէ պիտանի հայերէն թարգմանութիւն չէ եղած՝ չնայած, որ թարգմանելու քանի մը փորձ նախապէս ալ եղած է:
«Թրքերէն չիմացող յոյնը, հրեան կամ հայը պէտք է կարդան Քուրանը, ընկալելու այդ մշակոյթը:
Ըմբռնելու այնտեղ եղած արժէքաւոր խօսքերը: Պէտք է ճանչնայ Մուհամէտ մարգարէն:
Նոյն կերպ Աստուածաշունչը թարգմանուած է աշխարհի տարբեր լեզուներով եւ կը կարդացուի իւրաքանչիւր հասարակութեան կողմէ: Ես մէկական օրինակ պիտի ուղարկեմ բոլոր եկեղեցիներուն, բոլորը պիտի ունենան զայն, ժողովուրդէն փափաքողներուն եւս պիտի բաժնեմ»,- ըսած է Պատրիարքի փոխանորդը:
Ըստ աղբիւրին` ընդհանուր առմամբ հրատարակուած է հայերէն Քուրանի 5000 օրինակ, սակայն նպատակ կայ այդ թիւը հասցնելու 300.000ի: