Թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամ, Ումիթ Քուրթի հետ, հրապարակած է հայերու կալուածներու աւարման մասին նոր գիրք մը։
Թուրքիայէն հատուցման արդի պահանջներուն համար նշանակալից է Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուած օրէնքի եւ կալուածի յարաբերութիւնը։ Այս գիրքը կը քննէ ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին հայերու կալուածներու գրաւումը եւ այդ հարստութիւնը պահելու հետագայ փորձերը։ Օրէնքի եւ համաձայնագրերու ուսումնասիրութեան ճամբով՝ գիրքը կը բացայայտէ, թէ Ցեղասպանութեան ընթացքին հրապարակուած հրամանագրերը կեդրոնական սիւները կը կազմեն կալուածներու իրաւունքներու թրքական համակարգին մէջ՝ պահպանելով իրենց իրաւաբանական արժէքը։ Թէեւ Թուրքիա հայկական կալուածները վերադարձնելու միջազգային համաձայնութիւններ կնքած է, սակայն կը շարունակէ մերժել այդ մէկը կատարել։ Գիրքը ցոյց կու տայ, թէ ցեղասպանութիւնները կախեալ չեն օրէնսդրական համակարգի քանդումէն եւ իրաւունքներու ջնջումէն, այլ՝ ընդհակառակն, ցեղասպանութիւն գործողները իրենց ծրագիրները դիւրացնելու համար կը շահագործեն օրէնսդրական համակարգը։