Թուրքիա, մինչեւ Նոյեմբեր 1ի արտակարգ ընտրութիւնները, պիտի ղեկավարուի անցումային կառավարութեամբ եւ յայտնի է, որ տարբեր կուսակցութիւններէ եւ անկախ երեսփոխաններէ բաղկացած այս նոր վարչակազմին հետ դիւրին պիտի չըլլայ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի գործը։
Երկուշաբթի՝ Օգոստոս 31ին, նորակազմ կառավարութիւնը իր անդրանիկ նիստը գումարեց, իսկ ժողովի աւարտին նախարարները առաջին պաշտօնական յայտարարութիւնները ըրին մամուլին։ Անոնցմէ մէկն էր կառավարութեան կազմին մէջ Եւրոմիութեան նոր նախարար եւ աւագ բանագնաց Ալի Հայտար Քոնճան, որ անդամ է քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովըրդավարական Կուսակցութեան։ Ան յայտարարեց, թէ Յունիս 7ի ընտրութիւններուն յաջորդող զարգացումները պարտաւորիչ դարձուցին անցումային կառավարութեան մը հիմնումը եւ քրտամէտ կուսակցութիւնը, արժեւորելով իրավիճակը, որոշեց իր ներկայացուցիչները ունենալ վարչակազմին մէջ։ Ըստ նախարարին՝ քրտամէտ կուսակցութիւնը կը հաւատայ, որ երկրին հարցերը պէտք է իրենց լուծումը գտնեն ժողովրդավար սկզբունքներով ու այդ պատճառով է, որ բացէ ի բաց կոչ կ՛ուղղուի զէնքերը վար դնելու։ «Ո՛չ թէ բռունցքները սեղմելով, այլ երկխօսութեամբ պէտք է գտնել հաշտութեան ճամբան։ Եթէ այդպէս շարժինք, ապա կրնանք Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած ճախճախուտէն ձերբազատիլ» ըսաւ նախարար Քոնճա։ Նախարարը իրեն ուղղեալ բազմաթիւ հարցումներու կարգին, յստակ արտայայտութիւններով պատասխանեց նաեւ այն հարցումին, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ իր դիրքորոշումը, եթէ օրակարգի նիւթ դառնան 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ «հայկական պնդումները»։ Ալի Հայտար Քոնճա կարճ ու բացէ ի բաց ըսաւ.- «Կարծեցեալն ու իրականը (ցեղասպանութիւնը) որեւէ տարբերութիւն չունին. բացորոշ ու յստակ է, որ կոտորած մը գործադրուած է։ Այս իրողութիւնը բոլորն ալ կ՛ընդունին։ Բուն հարցը այս իրողութիւնը ճանչնալու կէտին շուրջ համախմբուիլն է։ Այս մասին պիտի խօսինք մեր կուսակցութենէն ներս եւ պիտի ճշդենք մեր դիրքորոշումը»։
Թրքական մամուլին մէջ նախարարին այս խօսքերը մեծ աղմուկ բարձրացուցած են եւ խիստ քննադատութեանց արժանացած։ «Սապահ» թերթը գրած է, որ նախարարը «չափը անցուցած է»: Աւելի ուշ, փորձելով քննադատութիւններու ալիքը զսպել՝ նախարարը յստակացուցած է իր կեցուածքը եւ յայտարարած. «Ես «ցեղասպանութիւն» արտայայտութիւնը չեմ օգտագործած: Թուրքիա պէտք է առերեսուի անցեալի իրողութիւններուն հետ: Արդեօք 1915ին որեւէ բան տեղի չէ՞ ունեցած: Եթէ այդպէս է, ապա ո՞ւր են այդ հայերը: Փաստ է, որ սպանութիւններ կատարուած են եւ զանոնք պէտք է կոտորած անուանել»: