Սեպտեմբերի առաջին օրերուն, մամուլը անպայման կը յիշէ 1955ի Սեպտեմբեր 6-7ի պատահարները, երբ Իզմիրի եւ Պոլսոյ մէջ թուրք ազգայնամոլ ուժեր յարձակեցան յոյներու, հայերու, հրեաներու եւ այլ փոքրամասնութիւններու վրայ՝ տուներ եւ խանութներ հրկիզելով, քանդելով եւ թալանելով, կիներ բռնաբարելով եւ կղերականներ սպաննելով։ Թուրքերու յարձակումները սկսան, երբ հաղորդուեցաւ, թէ յոյներ յարձակած էին Աթաթիւրքի տան վրայ։ Աւելի ուշ ի յայտ ելաւ, որ թուրք գաղտնի գործակալ մը պայթուցիկ մը նետած էր շէնքին վրայ։
Սկզբնապէս այս պատահարի ներքին ծալքերուն մասին շատ չխօսուեցաւ, սակայն աւելի ուշ յայտնի դարձաւ, որ ինչպիսի բեմադրութեան մը արդիւնքն էին այդ պատահարները։ Սակայն այս բոլորին մէջ որքա՞ն էր Մենտերեսի կառավարութեան մեղսակցութիւնը։ 60 տարիներ անցած են այդ գիշերէն ու այսօր ալ այս հարցումը կ՛ուղղուի իշխանութիւններուն, այս անգամ՝ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովըրդավարութիւն Կուսակցութենէն երեսփոխան Միթհատ Սանճարի կողմէ, որ նոր նշանակուած ներքին գործոց նախարարի հասցէին հարցագիր մը յղած է՝ յստակացնելու համար պետութեան մեղքի բաժինը 1955ի Սեպտեմբեր 6-7ի պատահարներուն մէջ։
Ան նաեւ հարց տուած է, թէ միջոցառումներ կա՞ն այսօր Թուրքիոյ մէջ ապրող ոչ-իսլամ քաղաքացիներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ անոնց մշակոյթին եւ կրթական իրաւունքներուն, լեզուներուն եւ կրօնքներուն գոյատեւման ի նպաստ։ Կը հարցուի նաեւ, թէ ի՞նչ է իրաւական վիճակը բոլոր այն կալուածներուն, զորս ոչ-իսլամները լքած են։
Այլ նշումներ են՝
– Համաձա՞յն էք այն տեսակէտին, թէ հանրային յիշողութեան մէջ ծանր վէրքեր բացող նմանօրինակ դէպքերու դիմաց շատ կարեւոր է, որ պետութիւնը ճշմարտութիւնները հրապարակէ, անցեալի հետ երես առ երես գայ եւ ներողութիւն խնդրէ։
– Ներկայիս փաստուած է, որ այսպիսի դառն պատահարներու դիմաց պաշտօնական միջամտութիւններու բացակայութիւնը միշտ ճամբայ կը բանայ փոքրամասնութիւններու ուղղեալ նոր խտրականութիւններու եւ բռնութիւններու։ Ասոնց կարգին կրնանք յիշել Տրապիզոնի մէջ Սանթա Մարիա եկեղեցւոյ քահանայ Անտրէա Սանթորիի սպանութիւնը՝ 5 Փետրուար 2006ին, կամ՝ 18 Ապրիլ 2007ին Մալաթիոյ Զիրվէ հրատարակչատան վրայ կատարուած յարձակումը, որուն ընթացքին մէկ գերմանացի եւ երկու թուրք քրիստոնեաներ սպաննուեցան, կամ նաեւ՝ Հրանդ Տինքի վրայ գործադրուած մահափորձը եւ այլն։