Ատրպէյճանցի քաղաքագէտ Զարտուշտ Ալիզատէ կը բացառէ պատերազմի վերսկսման հաւանականութիւնը։ Քաղաքագէտը իր կարծիքը յայտնած է minval.az առցանց թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ:
Ըստ Ալիզատէի, շփման գիծին վրայ փոխ-հրաձըգութիւն տեղի կ՚ունենայ Փիշքէքի մէջ 1994ին ստորագրուած հրադադարի համաձայնութենէն ի վեր։ Ատոնք պարբերական, կառավարելի բնոյթ կը կրեն։ “Հիմա աւելի աշխոյժ, նոր փուլ սկսած է։ Բայց, ես կը բացառեմ պատերազմի վերսկսման հաւանութիւնը։ Ատրպէյճան պէտք չունի Ղարաբաղին. Ռուսաստան աւելի պէտք ունի։ Քրեմլին երկու երկիրները կը պահէ իր վերահսկողութեան տակ”,- յայտարարած է Զարտուշտ Ալիզատէ:
“Իմ դիտարկումները ցոյց տուած են, որ մեր մարդիկը հետաքրքրող միակ բանը տոլարի փոխարժէքն է։ Եթէ աշխարհի վրայ քիչ կը խօսուի Ղարաբաղի մասին, ատիկա ազէրպայճանական դիւանագիտութեան յաջողութիւնն է”,- կը համարէ քաղաքագէտը:
Պատասխանելով նախագահներու հանդիպման հաւանականութեան մասին հարցումին, Ալիզատէ նշած է, որ անոնք խօսելիք բան չունին, աւելցնելով. - «Երկու երկիրներու ղեկավարներու դիրքորոշումները տրամագծօրէն հակառակ են, շփման, փոխադարձ յարգանքի կէտեր չկան։ Ոչ ոք կ՚ուզէ լուծել այդ խնդիրը։ Ատոր համար ալ նման հանդիպումներ ուղղակի անիմաստ կը դառնան:
«Արդէն 20 տարի է՝ Ղարաբաղը փաստօրէն չի պատկանիր Ատրպէյճանին։ Փիշքէքեան արձանագրութեամբ երկիրը յանձնառու եղած է, որ պիտի չփորձէ բիրտ ուժով ետ գրաւել Ղարաբաղը։ Իսկ ի՞նչ փոխուած է։ Հասարակութիւնը արթնցա՞ծ է, ցա՞ւ զգացած է։ Երեւակայեցէք այնպիսի իրավիճակ մը, երբ բոլոր ազէրի Ղարաբաղցիներուն յանկարծ յայտարարեն, որ զիրենք Պաքուէն կը տեղահանեն դէպի Ատրպէյճանի խորքը… Դժուար չէ կռահել, թէ ի՛նչ տեղի կ՚ունենայ»,- նշած է ան:
Ալիզատէի համաձայն, Արեւմուտքի մէջ լաւատեղեակ են եւ գիտեն, որ ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացին թափ տալու միջոցները սկսած են սպառիլ։ «Վերջին նման աշխուժացում եղած էր է Քի Վեսթի մէջ, երբ ի վերջոյ բոլորը հասկցան, որ թէ՛ Հայաստան, թէ՛ ալ Ատրպէյճան երկաթեայ շղթաներով գամուած են Ռուսաստանին եւ իրենք ի զուր ժամանակ կը կորսնցնեն։ Ատկէ յետոյ, սկսան ընդամէնը երբեմն-երբեմն Մինսքի խումբի նոր համանախագահներ նշանակել։ Ասիկա շատ նման է մերձաւոր-արեւելեան կարգաւորման միայն Ա.Մ.Ն.էն կախեալ ըլլալու երեւոյթին, հակառակ անոր, որ Ռուսաստանը համանախագահող է, բայց իրմէ ոչինչ կախեալ է։ Նոյնն է ղարաբաղեան հակամարտութեան պարագան. ամէն ինչ կախուած է Ռուսաստանէն, բայց Ա.Մ.Ն.ը, այնուամենայնիւ, ներկայ է բանակցութիւններուն»,- յայտնած է Ալիզատէ։