Թուրքիոյ մէջ պատրաստուած է 1915ի ողբերգութեան նիւթով առաջին երկար ժապաւէնը՝ «Կորուսեալ Թռչունները», որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը ներկայացնէ իբրեւ տեղահանութիւն։ Բեմադրիչներ Արէն Պերտեճիի եւ Էլա Ալեամաչի հեղինակած եւ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ պատ րաստուած ժապաւէնին ծանուցումը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է եւ անիկա արդէն ցուցադրուած է 113 երկիրներու մէջ։ Ժապաւէնին անդրադարձած թրքական «Ռատիքալ» պարբերականը կը գրէ.- «Kara Kedi Film» ընկերութեան պատրաստած «Կորուսեալ Թըռչունները» ժապաւէնը կը յատկանշուի մէկ գիշերուան մէջ իրենց ամբողջ ընտանիքը կորսնցուցած քրոջ ու եղբօր՝ Մարիամի եւ Պետոյի ընտանիքին որոնումները նկարագրող թախծալից պատմութեամբ, որ իր մէջ կ՛ամփոփէ հազարաւոր հայ երեխաներու ճակատագիրը»: Գլխաւոր դերերը ստանձնած են Տիլա Ուլուճան եւ Հերոս Ագոպեան, որոնք այս դերերուն համար ընտրուած են Թուրքիա բնակող եւ դերին համար թեկնածու հանդիսացող շուրջ 502 մանուկներէն:
«Տպաւորիչ տեսարաններով, տաղանդաւոր դերասաններով, մեծ պիւտճէով, պատմական իրականութեան համապատասխանող ստեղծագործական երեւակայութեամբ եւ բանաստեղծական երաժըշտութեամբ ուշադրութիւն գրաւող «Կորուսեալ Թըռչունները» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը Թուրքիոյ մէջ պիտի կայանայ Հոկտեմբերի աւարտին կամ Նոյեմբերի սկիզբը»,- գրած է «Ռատիքալ»: Ըստ թրքական պարբերականին՝ ժապաւէնին նախապատրաստական նկարահանումները կատարուած են անցեալ հինգ տարիներու ընթացքին: Հինգ տարի տեւած ուսումնասիրութիւններէ եւ տարի մը տեւած նախապատրաստական աշխատանքներէ ետք սկսած նկարահանումները աւարտած են 30 օրուան ընթացքին: