Այժ­մեան Թուր­քիոյ տա­րած­քին մէջ գտնո­ւող Սա­սու­նի Մա­րու­թայ (­Մա­րա­թուկ) Սա­րի ա­մե­նա­մեայ ուխ­տագ­նա­ցու­թեան մաս­նակ­ցած են աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րէ ժա­մա­նած հա­յեր։ Այս մա­սին կը գրէ News.am:

Թր­քա­կան Batmancagdas կայ­քի փո­խան­ցու­մով` ա­մէն տա­րի Յու­լի­սի վեր­ջը ի­րա­կա­նա­ցո­ւող Մա­րու­թայ Սա­րի ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցած է նաեւ այս տա­րի:

Աշ­խար­հի տար­բեր կող­մե­րէ Սա­սուն գա­ցած հա­յե­րը բարձ­րա­ցած են Մա­րու­թայ Լե­րան գա­գա­թը, այն­տեղ գտնո­ւող Սուրբ Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մոմ վա­ռած եւ ա­ղօ­թած: Սա­սու­նի քա­ղա­քա­պե­տը նշած է, թէ ա­մէն ինչ ը­րած են որ­պէս­զի Պո­լի­սէն եւ ար­տա­սահ­մա­նէն ե­կած հա­յե­րու ուխ­տը յա­ջող անց­նի: «Իբ­րեւ տե­ղա­կան իշ­խա­նու­թիւն­ներ, մենք Մա­րու­թայ Լե­րան հետ կա­պո­ւած ծրա­գիր­ներ ու­նինք, նե­րա­ռեալ հիւ­րա­տուն պի­տի կա­ռու­ցենք»,- ը­սած է Սա­սու­նի քա­ղա­քա­պե­տը: Ն­շենք, որ Մա­րու­թայ Սա­րը կը գտնո­ւի Ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տա­նի Սա­սուն գա­ւա­ռին մէջ եւ ե­ղած է սա­սուն­ցի­նե­րու սի­րած եւ պաշ­տե­լի լե­ռը, որ կո­չո­ւած է նաեւ Մա­րա­թուկ: