altԹր­քա­կան ազ­գայ­նա­մոլ «­Գորշ Գայ­լեր» կազ­մա­կեր­պու­թեան քա­ղա­քա­կան թե­ւը հա­մա­րո­ւող Ազ­գայ­նա­կան Շար­ժում Կու­սակ­ցու­թեան (MHP) փոխ-նա­խա­գահ, պատ­գա­մա­ւոր փրոֆ. Սե­միհ Եալ­չըն Թուր­քիոյ ներ-քա­ղա­քա­կան կա­ցու­թեան մա­սին յայ­տա­րա­րու­թիւն մը կա­տա­րած է՝ նշե­լով, որ Յու­նիս 7ին կա­յա­ցած խորհր­դա­ րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք­նե­րը պատ­ճառ դար­ձան քա­ղա­քա­կան ճգնա­ժա­մի եւ ա­հա­բեկ­չա­կան մի­ջա­դէ­պե­րու: Սե­միհ Եալ­չըն նաեւ յայ­տա­րա­րած է, որ քրտա­մէտ Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան Կու­սակ­ցու­թեան (HDP) ղե­կա­վար­նե­րը առն­չու­թիւն ու­նին Քիւր­տիս­տա­նի Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան Կու­սակ­ցու­թեան (PKK) հետ՝ պնդե­լով, որ ա­նի­մաստ է տար­բե­րու­թիւն դնել նշեալ կու­սակ­ցու­թեանց մի­ջեւ:

Ան նաեւ բաղ­դա­տա­կան կա­տա­րած է Քիւր­տիս­տա­նի Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան Կու­սակ­ցու­թեան եւ Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան մի­ջեւ՝ ը­սե­լով.- «­Քիւր­տիս­տա­նի Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան Կու­սակ­ցու­թիւ­նը ու­նի նոյն ան­ջա­տո­ղա­կան նպա­տակ­նե­րը, զորս ու­նէր Հ.Յ.Դ.ն, որ ստեղ­ծո­ւած էր 1890 թո­ւա­կա­նին եւ կը ցան­կար Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան հո­ղե­րուն վրայ ինք­նա­վար շրջան ստեղ­ծել: Հ.Յ.Դ.ի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը այժմ կը շա­րու­նա­կեն Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան Կու­սակ­ցու­թիւ­նը եւ Քիւր­տիս­տա­նի Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան Կու­սակ­ցու­թիւ­նը»: