Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական-Ժողովրդային Կուսակցութեան ցանկով երեսփոխան ընտրուած, մասնագիտութեամբ իրաւաբան հայ Սելինա Տողան արդարադատութեան նախարարին ուղղուած գրաւոր դիմում ներկայացուցած է` պահանջելով հետաքննութիւն սկսիլ Ատանայի ազգայնամոլ քաղաքապետ Հիւսէյն Սեօզլիւի դէմ, «Թուիթըր»ի վրայ հայ երեսփո խանները վիրաւորող գրառումին համար: Տողան նշած է.- «Որեւէ ժողովուրդ կամ մարդոց խումբ այլ ժողովուրդէ կամ մարդոց խումբէ բարձր դասելը յանցագործութիւն է: Որեւէ պետութիւն չի կրնար եւ պէտք չէ դէտի կարգավիճակին մէջ մնայ, երբ իր քաղաքացիներուն մէկ հատուածը այլ հատուած մը ճնշումի կ՛ենթարկէ կամ կը նուաստացնէ: Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 216 յօդուածով ճշդուած է, որ «ժողովուրդը ատելութեան եւ թշնամութեան դրդելը յանցագործութիւն է»: