Նախարարութիւնը Պելճիքան մեղադրած է «թրքական ինքնութիւնը սեւցնել»ու փորձերով:
«Այդ եւ նման որոշումներ ոչ մէկ ձեւով կը ծառայեն հայ-թրքական հաշտեցման: Մենք խստօրէն կը դատապարտենք մեզ անարդար ձեւով մեղադրող, պատմական իրողութիւններն ու թուրք ժողովուրդին յիշողութիւնը անտեսող այդ որոշումը»,- նշուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։ Թրքական կողմը նաեւ յայտարարած է, որ խորհրդարանին որոշումը կը հակասէ «Թուրքիոյ եւ Պելճիքայի միջեւ ձեւաւորուած յարաբերութիւններու ոգիին» եւ կրնայ անոնց վնաս հասցնել:
Յիշեցնենք, որ Պելճիքայի խորհրդարանը քուէներու մեծամասնութեամբ հաստատած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը: