Թուրքիոյ ազգայնամոլ «Ուլքու Օճաքլար» (Իդէալիստական Օճախներ) կազմակերպութեան անդամ Պուրաք Միշինճի, որ մեկնած էր Սուրիա` կռուելու, սպաննուած է Սուրիոյ օրինապահ բանակի ուժերուն կողմէ:
Միշինճի նախքան Սուրիա մեկնիլը յայտարարած էր, որ «կ՛երթայ հայերու եւ ալեւիներու գլուխները կտրելու»: Ան սպաննուած է Սուրիոյ Լաթաքիոյ շրջաններէն մէկուն մէջ՝ տեղի թուրքմէններու եւ Սուրիոյ օրինապահ բանակի ուժերուն միջեւ տեղի ունեցած բախումի ժամանակ:
Թուրքիոյ մէջ Միշինճիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած է Պոլիս: Թաղման մասնակցած են Միշինճիի ընտանիքը, Թուրքիոյ «Ազգայնական Շարժում» (MHP) կուսակցութեան Պոլսոյ պատգամաւոր Մերալ Աքշեներ, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան մէջ բարձր պաշտօններ զբաղեցնող անձիք: