­Թր­քա­կան «ASİMDER» (այս­պես կո­չո­ւած` «­Հայ­կա­կան Ան­հիմն Պն­դում­նե­րու Դէմ Կազ­մա­կեր­պու­թիւն») հա­կա­հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Իր­ֆան Էր­միշ յայ­տա­րա­րեց, որ ի­րենց կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը պի­տի խո­չըն­դո­տէ հա­յե­րու կող­մէ Վա­նի Աղ­թա­մար կղզիին վրայ Սբ. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ա­մե­նա­ մեայ պա­տա­րա­գը,- «Milliyet» թեր­թի կայ­քի փո­խանց­մամբ` վեր­ջինս որ­պէս պա­տա­րա­գը խո­չըն­դո­տե­լու պատ­ճառ նշած է այն, որ իբ­րեւ թէ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ի­րենց թոյլ չեն տո­ւած նա­մազ ը­նել Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նը գտնո­ւող Կա­պոյտ մզկի­թին մէջ:

Էր­միշ յայ­տա­րա­րեց, որ այդ հար­ցով պի­տի հա­մա­գոր­ծակ­ցին տեղ­ւոյն հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն հետ, ինչ­պէս նաեւ աշ­խա­տանք պի­տի տա­նին Վա­նի բնակ­չու­թեան հետ:

Ազ­գայ­նա­կան ու հա­կա­հայ գոր­ծի­չը պնդեց նաեւ, որ Սբ. Խաչ ե­կե­ղե­ցին «կա­ռու­ցած են քրիս­տո­նեայ պե­չե­նեկ թուր­քե­րը»:

Ն­շենք, որ Ե­րե­ւա­նի մէջ գտնո­ւող Կա­պոյտ մզկի­թին մէջ նա­մազ ը­նե­լու հա­մար մուտ­քի ար­տօ­նա­գիր եւ անվ­տան­գու­թեան ե­րաշ­խիք­ներ ստա­նա­լու նպա­տա­կով «ASİMDER»ը 2014ի Սեպ­տեմ­բե­րին պաշ­տօ­նա­պէս դի­մած էր Ի­րա­նի եւ Վ­րաս­տա­նի մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նա­տու­նե­րուն:

Կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­գահ Գեոք­սել Գիւլ­բէյ, այս նիւ­թով ը­րած յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ, նշեց, որ ի­րենք դի­մած են Ի­րա­նի եւ Վ­րաս­տա­նի մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նա­տու­նե­րուն այն բա­նէն ետք, երբ Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծե­րու նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ըն­թացք չէր տուած, մուտ­քի ար­տօ­նագ­րի եւ անվ­տան­գու­թեան ե­րաշ­խի­քի հա­մար, ի­րենց ներ­կա­յա­ցու­ցած պաշ­տօ­նա­կան դի­մու­մին:

Յի­շեց­նենք, որ Վա­նայ լի­ճի Աղ­թա­մար կղզիի Սուրբ Խաչ հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին, թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան ֆի­նան­սա­ւոր­մամբ վե­րա­կանգ­նո­ւե­լէ ետք, 2010 թո­ւա­կա­նէն բա­ցո­ւած է թան­գա­րա­նի կար­գա­վի­ճա­կով: Թր­քա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը տա­րին մէկ ան­գամ թոյլ կու­տայ կա­տա­րե­լու կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն։