Պոլսոյ Գարթալի թաղամասին մէջ գտնուող Սուրբ Նշան եկեղեցին, վերանորոգումէ ետք, Օգոստոս 8ին պիտի բանայ իր դռները հաւատացեալներուն առջեւ:Որոշումը կայացուած էր Յուլիս 3ին, եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին եւ պատրիարքական փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեանի հանդիպման ժամանակ:
Քաղաքէն բաւական հեռու գտնուող եկեղեցին շուրջ երկու տարի փակ էր վերանորոգման պատճառով:
Հանդիպումի ընթացքին ատենապետ Յովհաննէս Սահակօղլու եւ անոր ընկերները պատմած են, որ եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները աւարտին հասած են եւ Արամ Արքեպիսկոպոսը հրաւիրած են բացումին: