Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական-Ժողովրդային Կուսակցութենէն ընտրուած, մասնագիտութեամբ իրաւաբան հայ երեսփոխան Սելինա Տողան, Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած պոլսահայ մտաւորական Սեւան Նշանեանի վիճակին մասին, գրաւոր հարցում յղած է արդարադատութեան նախարարութեան:
Նամակին մէջ նշուած է, որ Թուրքիոյ մէջ ամէն տարի շուրջ 3 հազար դատավարութիւններ կը սկսին՝ Թուրքիոյ Մշակութային ու Բնական Արժէքներու Պահպանութեան մասին օրէնքով, որուն հիման վրայ դատապարտուած է Նշանեան:
Սակայն այդ օրէնքը խախտողները 2 տարիէն ալ նուազ բանտարկութեան կը դատապարտուին (Նշանեան, օրէնքի տարբեր յօդուածներով, դատապարտած է 11 տարուան բանտարկութեան), իսկ դատապարտուելէ կարճ ժամանակ ետք ազատ կ՛արձակուին։
Ըստ Թուրքիոյ մէջ հրատարակուող հայկական «Ակօս» թերթին՝ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Քէնան Իփեքին ուղարկուած նամակին երկրորդ բաժինին մէջ, Սելինա Տողան հետեւեալ հարցադրումները կատարած է. -
1. Թիւ 2863 Մշակութային եւ Բնական Արժէքներու Պահպանութեան մասին օրէնքի 65/b յօդուածով, վերջին 10 տարուան ընթացքին, քանի՞ մարդու դէմ դատ բացուած է եւ քանի՞ն դատապարտուած է։
2. Քանի՞ հոգիին բանտարկութեան դատավճիռը փոխարինուած է դրամական հատուցումով։
3. Քանի՞ հոգի բանտարկութեան դատապարտուած է վերոնշեալ յօդուածի յատկանիշներով: Քանի՞ հոգիին բանտարկութիւնը փոխարինուած է պայմանական ազատութեամբ:
4. Սեւան Նշանեանէն բացի արդեօք կա՞յ երկրորդ անձ մը, որ նշեալ յօդուածով պատիժ կը կրէ բանտին մէջ: