Թուրք-սուրիական սահմանի սուրիական կողմին վրայ գտնուող Քոպանի քաղաքին մէջ ընթացող մարտերու հետեւանքով՝ քաղաքը լքած Թովմասեաններու ընտանիքը 9 ամիսէ ի վեր կը բնակի Ուրֆա: Վերջին 5 ամիսը ընտանիքը մնացած է գաղթականներու համար նախատեսուած վրանային ճամբարին մէջ,- կը գրէ Tert.am:
«Ակօս»ի թղթակիցները այցելած են ընտանիքին, որուն անդամները վերջին ամիսներու ընթացքին իրենցմէ բացի առաջին անգամ հայ տեսնելով՝ յուզուած են:
«Մեր հետ հոս շատ լաւ կը վարուին, սակայն մենք հոսկէ մէկ վայրկեան առաջ հեռանալ կ՛ուզենք` ուր որ ըլլայ»,- ըսած են ընտանիքին անդամները:
30 հազար վրան, մօտ 100 հազար մարդ` հիմնականօրէն արաբ եւ քիւրտ: «Իսլամական Պետութեան» կողմէ Քոպանիի վրայ կատարուած յարձակումէն ետք, ժողովուրդը այս վրանային «քաղաք»ը ապաստանած է: Քոպանիի հայ ընտանիքներէն են Թովմասեանները, որոնք 9 ամիսէ ի վեր Սուրուչ կը գտնուին:
Յուլիսը վրանային ճամբար տեղափոխուելու 5րդ ամիսն է: Անոնց կեանքը պատմութեան ամբողջ ընթացքին գաղթ, պատերազմ ու աւեր տեսած հայ ժողովուրդի պատմութեան նման է:
Ստորեւ՝ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ իր պատմութիւնը.
- «Անունս Յակոբ է: Քոպանիի մէջ ինքնաշարժներու նորոգմամբ կը զբաղէի: Պատերազմէն փախչելով` եղբայրներուս հետ մեր ընտանիքներով հոս հասանք: 15 հոգի ենք: Մեզի նախ գիշերօթիկ դպրոցի մը մէջ տեղաւորեցին, այժմ ալ, ահա, վրանային ճամբարի մէջ ենք: Ձմրան շատ անձրեւ եկաւ, սակայն այդ ժամանակ դպրոցի մէջ էինք, չէինք թրջուեր: Չեմ պատկերացներ, թէ այս ձմեռ ինչպէ՞ս պիտի անցընենք: Հոս մեզի հետ լաւ կը վարուին, բայց մենք մէկ վայրկեան առաջ հեռանալ կ՛ուզենք, ուր որ պատահի…»:
«Կինս` Ֆերուզն է, մէկ ոտքը փրոթեզ է: Երեք ամիս առաջ կտրեցին»:
- «Անունս Սերոբ է: Եղբայրս Քոպանիի վերջին յարձակումներէն առաջ փոքր որդիին հետ հոն էր: Զայն սպաննած են որդիին աչքին առջեւ: Տղան դեռ ուշքի չէ եկած: Ամբողջ օրը վրանին մէջ է եւ չի խօսեր:
«Արդեն 9 ամիս է Սուրուչ ենք, 5 ամիս` վրանային ճամբարի մէջ: Մեզմէ բացի ոչ մէկ հայ տեսած ենք: Դուրսը արաբերէն ու քրտերէն կը խօսինք, սակայն մեր մէջ հայերէն կը շփուինք, որ մեր լեզուն չմոռնանք: Ձեզի հետ սեղան նստիլը մեզի համար շատ կարեւոր է: Արդէն 9 ամիսէ ի վեր մեր սեղանին հայեր չեն եղած: «Հայաստան երթալ չենք նախընտրեր, քանի որ մեզմէ շատերը ոչ միայն անձնագիր, այլեւ որեւէ փաստաթուղթ չունին: Անձնագրի համար առնուազն 1000 տոլար կը պահանջուի: Մենք 15 հոգի ենք, 15.000 տոլար ուրկէ՞ գտնենք: Եթէ ըսեն` Քոպանի վերադարձէք, Քոպանին արդէն չկայ… »: