-
Details
-
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
-
Թուրքիոյ քրտական Ժողովուրդներու Ժողովըրդավարական Կուսակցութեան (HDP) կողմէ պատգամաւոր ընտրուած Կարօ Փայլան խորհրդարանի օրակարգ մտցուցած է, վերջին օրերուն, հայերն ու այլ ազգային եւ սեռական փոքրամասնութիւնները թիրախ դարձնելու փորձերը: Խորհրդարանին մէջ կազմակերպուած մամուլի ասուլիսի ժա մանակ՝ Կարօ Փայլան յայտնած է, որ վերջին 15 օրը Թուրքիոյ մէջ, ցեղապաշտական (ռասիստ) եւ ատելութիւն սերմանող յայտարարութիւններու հետ կապուած, իրաւապահ մարմինները որեւէ քայլ չեն ձեռնարկած` յիշեցնելով Տիգրան Համասեանի համերգէն ետք ազգայնականներու տխրահըռչակ յայտարարութիւնը եւ Ատանայի քաղաքապետի յայտարարութիւնը՝ կապուած խորհրդարան անցած երեք հայ պատգամաւորներուն հետ: Կարօ Փայլան յայտարարած է, թէ ինք դատական հայց պիտի ներկայացնէ ազգայնամոլական «Իտէալիստական Օճախներ»ու Կարսի կառոյցի ղեկավար Թոլկա Ատըկիւզելի նկատմամբ, որ ուղղակի թիրախ դարձուցած էր հայերը` ըսելով.- «Հիմա Կարսի փողոցներուն մէջ հայերու որսի դուրս գա՞նք»: