Թուրք մտաւորականները հայ պատգամաւորներուն համերաշխութիւն յայտնած են
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Վերջին օրերուն Թուրքիոյ մէջ, ազգայնամոլական շրջանակներու կողմէ, հայ պատգամաւորներու եւ հայ արուեստագէտներու նկատմամբ հրապարակուած վիրաւորական ու ցեղապաշտական յայտարարութիւններուն դէմ դուրս եկած են թուրք յառաջադէմ մտաւորականները: Թրքական Gercek gundem կայքի փոխանցմամբ` «Անգարայի Մտքի Ազատութեան» նախաձեռնութեան կող մէ յայտարարութիւն մը տարածուած է, որ խստօրէն կը քննադատէ վերջերս, Ազգայնական Շարժում Կուսակցութեան շարք մը քաղաքապետներուն կողմէ, հայ պատգամաւորներու եւ համերգներով Թուրքիա մեկնած հայ երաժիշտ Տիգրան Համասեանի հասցէին հնչած վիրաւորական ու սպառնալից յայտարարութիւնները: «Անգարայի Մտքի Ազատութեան» նախաձեռնութեան կողմէ կատարուած յայտարարութեան տակ ստորագրած են մօտ երկու հարիւր թուրք մտաւորական, արուեստագէտ, իրաւաբան եւ քաղաքական գործիչ: