­Պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քի փո­խա­նորդ Ա­րամ Ար­քե­պիս­կո­պոս Ա­թէ­շեան այ­ցե­լած է Թուր­քիոյ Սու­րու­ճի շրջա­նին մէջ սու­րիա­ցի գաղ­թա­կան­նե­րուն վրա­նա­յին քա­ղա­քը:
Յի­շեալ ճամ­բա­րին մէջ, ուր ա­պաս­տա­նած է 35 հա­զար սու­րիա­ցի փախս­տա­կան, Ա­թէ­շեան հան­դի­պած է Թով­մա­սեան ըն­տա­նի­քին հետ, որ «Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան յար­ձա­կու­մէն ետք գաղ­թած էր Քո­պա­նիէն: Ա­թէ­շեան յայտ­նած է, թէ Թուր­քիոյ ա­ղէտ­նե­րու եւ ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու վար­չու­թեան պատ­կա­նող վրա­նա­յին ճամ­բա­րը այ­ցե­լած է, երբ ի­մա­ցած է ճամ­բա­րին մէջ 3 հայ ըն­տա­նի­քի գտնո­ւե­լուն մա­սին: Ան ճամ­բար այ­ցե­լած է ա­նոնց հետ ան­ձամբ հան­դի­պե­լու եւ ա­նոնց վի­ճա­կին ծա­նօ­թա­նա­լու: Ա­թէ­շեան յայտ­նած է նաեւ, որ ցան­կու­թիւն ու­նե­ցած է կապ հաս­տա­տե­լու տե­ղա­կան ղե­կա­վար­նե­րուն հետ` ի­մա­նա­լու, թէ ին­չո՞վ կրնան օգ­տա­կար դառ­նալ: «Ա­ռանց ցե­ղա­յին եւ դա­ւա­նա­կան խտրա­կա­նու­թեան, ձեռք-ձեռ­քի տո­ւած, հոս ա­պաս­տա­նած մեր եղ­բայր­նե­րու խա­ղա­ղու­թեան եւ եր­ջան­կու­թեան հա­մար հնա­րա­ւոր ա­մէն ինչ կ’ը­նենք: Ի հար­կէ, ե­կած եմ հայ հա­մայն­քին հա­մար, կը մտա­ծենք, թէ ի՞նչ կրնանք ը­նել ե­րե­խա­նե­րուն հա­մար»,- ը­սած է Ար­քե­պիս­կո­պոս Ա­թէ­շեան: Պատ­րիար­քի փո­խա­նոր­դը հան­դի­պած է նաեւ Շան­լըուր­ֆա­յի (Ուր­ֆա - Ե­դե­սիա) նա­հան­գա­պետ Ի­զեթ­թին Քիւ­չու­քի հետ եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած ճամ­բա­րին մէջ ա­պաս­տա­նած­նե­րուն նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րո­ւող հո­գա­տա­րու­թեան հա­մար: Ան նա­հան­գա­պե­տին տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ ճամ­բա­րին մէջ կայ 18 հո­գիէ բաղ­կա­ցած 3 հայ ըն­տա­նիք: