Կրթութեան նախարար Նապի Ավճըյի ստորագրութեամբ հրատարակուած շրջաբերական մը վերջ տուաւ քրիստոնեաներու դպրոցներէ ներս խտրականութիւն տածող ցեղային գաղտնագիրի գործադրութեան։ Այսուհետեւ արձանագրութեան լիազօրութիւնը յանձնուած է դպրոցներու տնօրէնութեան։ Բացի այդ, թրքերէնով դասաւանդուած առարկաներու ուսուցիչներուն պաշտօնավարման տեւողութիւնն ալ պիտի ճշդուի տնօրէնութեան կողմէ։ Նախապէս ոչ-իսլամ դպրոցներու արձանագրութիւնները կը վաւերացնէր քաղաքի կրթական տնօրէնութիւնը։ Այս մարմինը կը քննէր դիմող աշակերտի անձնագրի տուեալները եւ ի պահանջեալ հարկին կը մերժէր արձանագրութիւնը։ Նախորդ տարիներուն եղած էին դէպքեր, ուր Կրթական Տնօրէնութեան կողմէ մերժուած աշակերտներու ծնողները հազիւ դատական միջամտութեամբ յաջողած էին իրենց զաւակները հայ դպրոց ղրկել։
Նախապէս ալ այս մասին բաւական աշխատանք տարած ՀՏՓի Պոլսոյ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, խորհրդարան ընտրուելէ ետք, տեսակցեցաւ նախարար Նապի Ավճըյի հետ եւ այս վերջինին համոզեց՝ խնդիրը լուծելու համար շրջաբերականի մը բաւարար ըլլալուն մասին։
Այս տեսակցութենէն ետք, Նապի Ավճըյի կարգադրութեամբ, նախարարութեան պաշտօնատարները եւ Կարօ Փայլան միասնաբար շրջաբերական մը պատրաստեցին, որ ստորագրուեցաւ նախարարին կողմէ։ Բացի արձանագրութեան գործընթացի դիւրացումէն, թրքերէն լեզուով դասաւանդուած առարկաներու ուսուցիչներն ալ այս նոր շրջաբերականով կ՚ենթարկուին դպրոցի վարչութեան նախընտրութիւններուն։ Նախապէս այս դասաժամերու ուսուցիչները կը ճշդուէին կրթութեան նախարարութեան կողմէ եւ իրենց պաշտօնավարման շրջանը սահմանուած էր հինգ տարիով։ Նոր կարգադրութեամբ այդ տարեշրջանը երկարելու իրաւասութիւնն ալ կը ձգուի տնօրէնութեան։
Այս արդիւնքին համար գոհունակութիւն յայտնող Կարօ Փայլան, կը նշէ, թէ այս գործընթացի տեւողութեան երեք նախարարներ փոխուած են։ «Նախապէս լուրջ խոչընդոտներ ապրեցանք ցեղային գաղտնագիրի բերումով։ Հիմա պարտադրութեան տակ կրօնափոխ եղած մեր ազգայիններու զաւակները եւս հեշտութեամբ պիտի կրնան յաճախել իրենց նախընտրած դպրոցները»,- կ՚ըսէ Կարօ Փայլան։
«Agos»