Թուր­քիոյ քրտա­կան Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան Կու­սակ­ցու­թեան (HDP) կող­մէ պատ­գա­մա­ւոր ընտ­րո­ւած Կա­րօ Փայ­լան ա­ռա­ջին կա­րե­ւոր հար­ցը լու­ծած է Թուր­քիոյ մէջ ապ­րող հա­յե­րուն հա­մար: Այս մա­սին կը

հա­ղոր­դէ Պոլ­սոյ «Ա­կօս» թեր­թը։

Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր Կա­րօ Փայ­լան, խորհր­դա­րա­նի նստաշր­ջա­նի բաց­ման ժա­մա­նակ, հան­դի­պած է Ազ­գա­յին Կր­թու­թեան նա­խա­րար Նա­պի Աւ­ճըի հետ եւ բարձ­րա­ցու­ցած է ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու զա­ւակ­նե­րը, ա­ռանց ցե­ղա­յին ծած­կագ­րե­րու (code) գոր­ծա­ծու­թեան պար­տադ­րան­քին, ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թեանց պատ­կա­նող դպրոց­ներ ըն­դու­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան հար­ցը:

Կա­րօ Փայ­լան նա­խա­րա­րին յայտ­նած է, որ ա­ռանց ցե­ղա­յին ծած­կագ­րե­րու դպրոց ըն­դու­նո­ւե­լու հա­մար՝ նոր օ­րէնսդ­րա­կան նա­խա­գի­ծի կա­րիք չկայ եւ միայն ո­րո­շում ըն­դու­նի­լը բա­ւա­րար է:

Հան­դի­պու­մէն ետք, Ազ­գա­յին Կր­թու­թեան նա­խա­րա­րը կա­յա­ցու­ցած է հա­մա­պա­տաս­խան ո­րո­շում, ըստ ո­րուն, ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու զա­ւակ­նե­րը, ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թեանց պատ­կա­նող դպրոց­ներ պի­տի ըն­դու­նո­ւին, միայն տնօ­րէ­նին դի­մե­լով:

Ն­շենք, որ եր­կու տա­րի ա­ռաջ յայտ­նի դար­ձած էր, թէ Թուր­քիոյ հան­րա­պե­տու­թեան ստեղ­ծու­մէն ի վեր, հա­յե­րը կը կրեն գաղտ­նի ծած­կագ­րեր: Ա­տի­կա յայտ­նի դար­ձած էր, երբ Պոլ­սոյ մէջ, ի­րենց ար­մատ­նե­րուն վե­րա­դար­ձած հայ ըն­տա­նի­քի զա­ւակ­նե­րը չէին ըն­դու­նո­ւած հայ­կա­կան դպրոց այն պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ, թէ հա­յե­րը կը կրեն 2 ծած­կա­գի­րը, իսկ խնդրոյ ա­ռար­կայ փոք­րե­րը չու­նէին հա­մա­պա­տաս­խան ծած­կա­գիր: