­Պոլ­սոյ ­Թուզ­լա թա­ղա­մա­սին մէջ գտնո­ւող «Ար­մէն ­Ճամ­բար»ը հա­յու­թեան վե­րա­դարձ­նե­լու նպա­տա­կով, Ուր­բաթ՝ ­Յու­նիս 26ին դար­ձեալ տե­ղի ու­նե­ցած է քայ­լար­շաւ մը: «­­Հա­պեր­լեր» լրա­տո­ւա­կան կայ­քը տե­ղե­կա­ցու­ ցած է, թէ ­Պոլ­սոյ «­­Թու­նել» հրա­պա­րակ հա­ւա­քո­ւած բազ­մու­թիւ­նը քա­լած է դէ­պի ­Կա­լա­թա­սա­րա­յի ու­սում­նա­րան: «­­Նոր ­Զար­թօնք» եւ «Ար­մէն ­Ճամ­բար»ին զօ­րակ­ցող կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ­նե­րը կրած են «­­Հէ՜յ մարդ­կու­թիւն, բո­ղոք ու­նիմ։ ­Մեզ նե­տած են մեր իսկ ստեղ­ծած քա­ղա­քակր­թու­թե­նէն դուրս» ը­սող պաս­տառ­ներ: ­Մաս­նա­կից­նե­րը ը­րած են նաեւ տար­բեր կո­չեր, օ­րի­նակ՝ «Այս դեռ սկիզբն է», «­­Պայ­քա­րը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի» եւ «­­Բո­լորս Հ­րանդ ենք, բո­լորս հայ ենք»: ­Քայ­լար­շա­ւէն ետք ե­լոյթ ու­նե­ցած է քրտա­մէտ ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան խորհր­դա­րա­նա­կան պատ­գա­մա­ւոր ­Կա­րօ ­Փայ­լան։ Ան յայտ­նած է, որ հայ­կա­կան որ­բա­նոց-ճամ­բա­րի վե­րա­դար­ձին հա­մար պայ­քա­րը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի: «52 օր է, որ կը պայ­քա­րինք, սա­կայն 100 տա­րի ար­դա­րու­թեան կը սպա­սենք: Ա­նոնք, ո­րոնք 100 տա­րի ա­ռաջ գոր­ծո­ւած յան­ցան­քին չեն նա­յիր, ո­րոնք զայն պատ­մա­բան­նե­րուն կը ձգեն, թող նա­յին «­­Քեմփ Ար­մէն»ին: «­­Քեմփ Ար­մէն»ը ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տա­ցի ա­պա­ցոյցն է: Ինչ­պէս որ ա­նի­կա պե­տու­թեան ո­րո­շու­մով յափշ­տա­կո­ւած է, այն­պէս ալ պե­տու­թեան կող­մէ պէտք է վե­րա­դար­ձո­ւի»,- նշած է ­Փայ­լան: