Արամ Աթեշեան դիմած է նոր Պատրիարքի ընտրութիւն իրականացնելու համար
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ Արքեպիսկոպոս Աթեշեան՝ նոր պատրիարքի ընտրութիւն իրականացնելու դիմում ներկայացուցած Պոլսոյ նահանգապետ Ուասիփ Շահինին: Այս մասին նշուած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի պաշտօնական կայ քէջով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։ Պատրիարքարանի տեղեկութեան համաձայն՝ Արամ Արքեպիսկոպոս, «նկատի ունենալով համայնքի անդամներուն փափաքը», ներկայացուցած է դիմում նոր Պատրիարքի ընտրութիւններ իրականացնելու վերաբերեալ` համաձայն Պոլսոյ հայ համայնքի ունեցած սովորոյթներուն եւ կանոններուն: Պոլսոյ նահանգապետարան այցելութեան ժամանակ Աթեշեանի ուղեկցած է արժանապատիւ Տէր Շիրվան քահանայ Միրզոյեան: