Թր­քա­կան «21րդ դար» հաս­տա­տու­թեան ­Մի­ջին Ար­եւել­քի հար­ցե­րով ամ­պիո­նի հե­տա­զօ­տու­թեան հա­մա­ձայն՝ վեր­ջին ե­րեք տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ծայ­րա­յեղ իս­լա­մա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րուն միա­նա­լու նպա­տա­կով,  10.000 անձ ­Թուր­քիա­յէն ան­ցած է Ի­րաք և ­Սու­րիա:

Այս ան­ձե­րէն 7.000ը միա­ցած է «Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թիւն» (Ի.Պ. ISIS) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբաuոր­ման, իսկ մնա­ցեա­լը՝ «Ալ ­Քաի­տա» եւ «Ալ ­Նուս­րա» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րուն:

Ի.Պ.ին ան­դա­մակ­ցե­լու հա­մար ­Թուր­քիա­յէն ա­մէ­նէն շատ կը մեկ­նին  ­Պո­լսոյ, Ան­գա­րա­յի, ­Գո­նիա­յի, Ա­տա­նա­յի, ­Տիգրանակերտի, Այնդա­պի բնա­կիչ­նե­րը: Ի.Պ.ին միա­նա­լու հա­մար ­Սու­րիա եւ Ի­րաք կը մեկ­նին նաեւ ­Պուր­սա, ­Սա­քա­րիա, ­Պին­կէօլ, ­Մուշ, Ա­տիա­ման շրջան­նե­րէն: