­Կար­սի մէջ ազ­գայ­նա­մոլ­նե­րու կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար­նե­րէն Թոլ­գա Ա­տըկ­իւ­զել դժգո­հու­թիւն յայտ­նեց յայտ­նի ե­րա­ժիշտ Տիգ­րան Հա­մա­սեա­նի՝ Ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տա­նի մէջ ըն­թա­ցող հա­մեր­գա­շա­րի առն­չու­թեամբ: Ա­տըկ­իւ­զել իր դժգո­հու­թիւ­նը յայտ­նե­լու հա­մար հրա­ւի­րեց մա­ մու­լի յա­տուկ ա­սու­լիս մը, ո­րու ըն­թաց­քին հա­յե­րու հաս­ցէին սպառ­նա­լիք­ներ հնչե­ցու­ց.- «Այ­սու­հե­տեւ բո­լո­րը պի­տի ի­մա­նան ի­րենց չափն ու սահ­մա­նը: Կը փոր­ձեն մեր համ­բե­րու­թի՞ւ­նը չա­փել: Կա­րո՞ղ է մենք ալ Կար­սի փո­ղոց­նե­րուն մէջ հա­յե­րու որ­սի դուրս գանք»,-բա­ցա­յայ­տօ­րէն սպառ­նա­ցաւ ան: Ազ­գայ­նա­մոլ ղե­կա­վա­րի խօս­քով՝ երբ ի­րենք Հա­յաս­տան այ­ցե­լե­ցին, ի­րենց թոյլ չտո­ւին Թուր­քիոյ դրօ­շը պար­զել: «Ի­րենց սրբա­վայ­րե­րուն մէջ մենք կա­րո՞ղ ենք հա­մերգ տալ: Ե­թէ մենք մինչ օրս չենք ը­րած նման բան, ա­տի­կա դեռ չի նշա­նա­կեր, որ պի­տի չը­նենք: Մենք այս բո­լոր կա­տա­րո­ւած­նե­րը մեզ մօտ նշած ենք»,- ը­սաւ Ա­տըկ­իւ­զել՝ խոս­տա­նա­լով, որ այ­սու­հե­տեւ նմա­նա­տիպ ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­նա­լու պա­րա­գա­յին «ի­րենք հարկ ե­ղա­ծը պի­տի ը­նեն»: