Պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի Կարս քա­ղա­քին մէջ բնա­կող թուրք գրող Ի­սա Եըլ­մազ խօ­սած է Կար­սի պատ­մա­կան յու­շա­կո­թող­նե­րու ներ­կա­յի վի­ճա­կին մա­սին: Ընդգծե­լով, որ այս հի­նա­ւուրց քա­ղա­քը իր պատ­մու­թեամբ կրնայ տե­ղե­կու­թեան հա­րուստ աղ­բիւր ըլ­լալ շար­ժան­կա­րի ար­տադ­րու­թեան եւ գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու հա­մար, գրո­ղը մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նած է, որ առ­կայ լքո­ւած վի­ճա­կին ու ան­տար­բեր վե­րա­բեր­մուն­քին պատ­ճա­ռով շատ շու­տով Կար­սի միակ պատ­մա­կան յու­շար­ձա­նը կրնայ մնալ ըն­դա­մէ­նը միայն Կար­սի բեր­դը: Եըլ­մազ յայ­տա­րա­րած է, որ ու­րար­տա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նէն ի վեր տար­բեր քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու օ­ճախ հան­դի­սա­ցած Կար­սի շարք մը պատ­մա­կան կա­ռոյց­ներ ոչն­չաց­ման վտան­գի տակ են:

Եըլ­մազ, որ «­Հա­յու մը դին Կար­սի մէջ» գիր­քին հե­ղի­նակն է, հե­տե­ւեալ կար­ծի­քը ար­տա­յայ­տած է.- «­Պատ­մու­թիւնն ու քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կեն ապ­րիլ ան­ցեա­լէն մնա­ցած այն յու­շա­կո­թող­նե­րուն շնոր­հիւ, ինչ­պի­սիք են պատ­մա­կան տու­նե­րը, ամ­րոց­նե­րը, հիւ­րա­տու­նե­րը, բաղ­նիք­նե­րը: Ա­նոնք ա­րո­ւես­տի գոր­ծեր են:

«­Մինչ­դեռ, օ­րի­նակ, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Կար­սի մէջ շարք մը ռու­սա­կան տու­ներ քան­դո­ւած են ու ա­նոնց փո­խա­րէն նոր շէն­քեր կա­ռու­ցո­ւած:

Անհ­րա­ժեշտ է, որ մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ան­մի­ջա­պէս ար­ձա­նագ­րէ եւ պաշտ­պա­նու­թեան տակ առ­նէ Կար­սի մէջ գտնո­ւող պատ­մա­կան կա­ռոյց­նե­րը»: