«Ար­մէն Ճամ­բար»ի կա­պակ­ցու­թեամբ «­Նոր Զար­թօնք» խմբա­կի ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն կող­մէ Յու­նիս 19ի ե­րե­կո­յեան, Կա­լա­թա­սա­րա­յի «­Ճե­զա­յիր» հան­դի­սաս­րա­հին մէջ, սար­քո­ւած մամ­լոյ ա­սու­լի­սի մը, ո­րուն ըն­թաց­քին ճամ­բա­րին զօ­րակ­ցող­նե­րը ան­գամ մը եւս վճռա­բար պա­հան­ջած են, որ պե­տու­թիւ­նը հայ հա­մայն­քին վե­րա­դարձ­նէ ճամ­բա­րը, միա­ժա­մա­նակ նե­րո­ղու­թիւն խնդրէ հայ հա­մայն­քէն։ Մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին մա­մու­լին բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տո­ւած են Սա­յաթ Թե­քիր, Ա­լեքս Գալգ, Տի­րեն Ճե­ւա­հիր Շեն, Մու­րատ Մխ­ճը եւ Պու­րաք Էօզ­կիւ­ներ կող­մէ։ «­Վերջ՝ ձգձգու­մին. «­Քեմփ Ար­մէն»ը թող վե­րա­դար­ձո­ւի հայ ժո­ղո­վուր­դին», գրուած էր այն պաս­տա­ռին վրայ, ո­րուն առ­ջեւ «­Նոր Զար­թօնք»ի ան­դամ­նե­րը նստած էին ու բա­ցատ­րու­թիւն­ներ կու տա­յին։

Թե­քիր, որ հա­յե­րէն խօ­սած է, բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տո­ւած է գոր­ծըն­թա­ցին ու այ­սօ­րո­ւան կա­ցու­թեան մա­սին։ Շե­նի կող­մէ կար­դա­ցո­ւած է մամ­լոյ հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը, որ կ­՛ը­սէ.- «­Ճիշդ 45 օ­րէ ի վեր կը դի­մադ­րենք՝ պաշտ­պա­նե­լու հա­մար «­Քեմփ Ար­մէն»ը, որ պե­տու­թեան կող­մէ յատ­կա­պէս լքո­ւած է փլուզ­ման ու փտու­մի վի­ճա­կի մէջ։ Ա­նոր հա­մար կա­յա­ցած վեր­ջին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը թա­փան­ցիկ ե­ղած չեն, իսկ հան­րա­յին կար­ծի­քին թե­լադ­րո­ւած են ան­հիմն տե­ղե­կու­թիւն­ներ, ո­րոնք պաշ­տօ­նա­կան ո­րե­ւէ հիմք չու­նին։ Հի­մա դար­ձեալ կ­՛ա­ղա­ղա­կենք. «­Քեմփ Ար­մէն»ը պէտք է վե­րա­դար­ձո­ւի հայ հա­մայն­քին»»։

Մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ա­ւար­տին հրա­պա­րա­կո­ւած է, որ Ուր­բաթ՝ Յու­նիս 26ին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7։30ին, Թիւ­նե­լէն դէ­պի Կա­լա­թա­սա­րա­յի հրա­պա­րակ, «­Քեմփ Ար­մէն»ի հա­մար զօ­րակ­ցու­թեան քայ­լար­շաւ մը պի­տի կա­տա­րո­ւի։