Ս.Դ. Հն­չա­կեան Կու­սակ­ցու­թեան Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թիւ­նը, Հն­չա­կեան 20 կա­խա­ղան­նե­րու 100րդ տա­րե­լի­ցի ա­ռի­թով, յա­տուկ պա­հան­ջա­գիր մը ու­ղար­կած է Պոլ­սոյ քա­ղա­քա­պե­տին:

Պա­հան­ջա­գի­րին մէջ կ’ը­սո­ւի.- «­Պա­րոն քա­ղա­քա­պետ, 1915 թո­ւա­կա­նի Յու­նիս 15ին Պոլ­սոյ Սուլ­թան Պա­յա­զէտ հրա­պա­րա­կին վրայ կա­խա­ղան հա­նո­ւե­ցան 20 հայ յե­ղա­փո­խա­կան­ներ, ո­րոնք Սո­ցիալ Դե­մոկ­րատ Հն­չա­կեան Կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար­ներն ու պա­տաս­խա­նա­տու ան­դամ­ներն էին: Ա­նոնք էին` Մա­թե­ւոս Սարգ­սեան, Յա­կոբ Պաս­մա­ճեան, Գաբ­րիէլ Քե­շի­շեան, Սմ­բատ Գ­լը­ճեան, Ռու­բէն Կա­րա­պե­տեան, Պետ­րոս Թո­րո­սեան, Ար­մե­նակ Համ­բար­ձու­մեան, Աբ­րա­համ Մու­րա­տեան, Ա­րամ Ա­չըգ­պա­շեան, Հ­րանդ Ե­կա­ւեան, Գա­րե­գին Պօ­ղո­սեան, Պօ­ղոս Պօ­ղո­սեան, Մու­րադ Զա­քա­րեան, Թով­մաս Թով­մա­սեան, Ե­րե­միա Մա­նան­դեան, Մկըր­տիչ Ե­րէ­ցեան, Գե­ղամ Վա­նի­կեան, Ե­րո­ւանդ Թօ­փու­զեան, Յով­հան­նէս Տէր-Ե­ղիա­զա­րեան եւ Գառ­նիկ Պո­յա­ճեան, ո­րոնք միա­ժա­մա­նակ թա­ղո­ւած են Է­տիր­նէ Կա­պո­ւի հա­յոց գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ: Մենք` Սո­ցիալ Դե­մոկ­րատ Հն­չա­կեան Կու­սակ­ցու­թեան Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թիւնս, կը ցան­կանք վերց­նել մեր ղե­կա­վար ըն­կեր­նե­րու ա­ճիւն­նե­րը եւ տե­ղա­փո­խել Թուր­քիա­յէն դուրս: Հե­տե­ւա­բար, կը պա­հան­ջենք, որ մե­զի տե­ղե­կաց­նէք այդ գոր­ծի օ­րի­նա­կան ճա­նա­պարհ­նե­րը»: