Յու­նիս 10ին, Թուր­քիոյ Տիար­պե­քիր (Տիգ­րա­նա­կեր­տ) քա­ղա­քին մէջ, կը մեկ­նար­կեն հայ ա­նուա­նի ե­րա­ժիշտ, ու­տի վար­պետ Ա­րամ Տիգ­րա­նի նո­ւի­րո­ւած ա­րո­ւես­տի օ­րե­րը: Ն­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն` ի յի­շա­տակ Ա­րամ Տիգ­րա­նի, ար­դէն 4րդ­ ան­գամ ըլ­լա­լով տե­ղի կ­՛ու­նե­նայ Տիգ­րա­նա­կեր­տի մՄէջ:

Ա­րամ Տիգ­րա­նի պա­պե­րը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րի­նե­րուն Տիգ­րա­նա­կեր­տէն ար­տա­գաղ­թած են Սու­րիա եւ վե­րաբ­նա­կո­ւած Գա­միշ­լի: Ա­նո­ւա­նի ե­րա­ժիշ­տը եր­գած է հա­յե­րէն, քրտե­րէն, ա­րա­բե­րէն, ա­սո­րե­րէն եւ յու­նա­րէն լե­զու­նե­րով:

Թուր­քիոյ մէջ հրա­տա­րա­կո­ւող հայ­կա­կան «Ա­կօս» թեր­թի տե­ղե­կա­ցու­մով՝ Ա­րամ Տիգ­րա­նի ա­նո­ւան Տիգ­րա­նա­կեր­տի քա­ղա­քա­յին ե­րաժշ­տա­նո­ցին կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող ձեռ­նարկ­նե­րու ծի­րէն ներս կը կազ­մա­կեր­պո­ւին հա­մերգ­ներ, շար­ժան­կա­րի ցու­ցադ­րու­թիւն­ներ ու կը բե­մադ­րո­ւին ներ­կա­յա­ցում­ներ:

Այս տա­րո­ւան ձեռ­նարկ­նե­րուն յա­տուկ հիւ­րը տեր­սիմ­ցի ե­րա­ժիշտ Մի­քա­յիլ Աս­լանն է:

Ա­րո­ւես­տի օ­րե­րը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւին մին­չեւ Յու­նիս 13ը նե­րա­ռեալ:

Ա­րամ Տիգ­րան (Ա­րամ Մե­լի­քեան, 1934-2009), ժա­մա­նա­կա­կից հայ եր­գիչ եւ ե­րա­ժիշտ: ծնած է հիւ­սի­սա­յին Սու­րիոյ Գա­միշ­լի քա­ղա­քը: Ըն­տա­նի­քը Գա­միշ­լի գաղ­թած է Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մա­նակ Ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տա­նի Տիգ­րա­նա­կերտ քա­ղա­քէն: Մաս­նա­գի­տա­ցած է ուտ նո­ւա­գե­լու մէջ: Ք­սան տա­րե­կա­նէն նո­ւի­րո­ւած է ե­րաժշ­տու­թեան: