Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու թիւ մէկ ձեռքբերումը քրտական Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան արձանագրած արդիւնքներն են` 6 միլիոն ձայն, որ փոխած է երկրի ամբողջ քա
ղաքական ճարտարապետութիւնը:
Այս մասին NEWS.amի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին նշած է թրքագէտ Վահրամ Տէր-Մաթէոսեանը:
Անոր խօսքով՝ զգալիօրէն փոխուած է ուժերու յարաբերակցութիւնը Թուրքիոյ քաղաքական դաշտին մէջ: Յունիս 7ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները, ըստ թրքագէտին, քանի մը գործօններու համադրման արդիւնք են:
«Առաջին հերթին, անհրաժեշտ է արձանագրել այն հանգամանքը, որ փոխուել են «խաղի կանոնները»: Էրտողան, որը երկրի «առաջին ջութակն է», թիւ մէկ քաղաքական գործիչը, չէր կարող մասնակցել ընտրութիւններին այն կշռով ու չափերով, որով սովորաբար մասնակցել է բոլոր նախկին ընտրութիւններին: Թուրքիայի սահմանադրութիւնն արգելել է նրան լիարժէքօրէն քննադատել ընդդիմադիր կուսակցութիւններին, եւ դա չէր կարող չազդել ընտրութիւնների վրայ»,-ընդգծած է Տէր-Մաթէոսեան եւ աւելցուցած.- «Երկրորդ` վարչապետ Ահմեդ Տաւութօղլուի վրայ մեծ պատասխանատուութիւն է դրուել, բայց նա այդպէս էլ չկարողացաւ ձեռք բերել այն խարիզման, որն ունէր Էրտողանը: Չնայած ծախսուած ֆինանսական ու վարչական ռեսուրսներին (աղբիւներուն), սպասուած արդիւնքը չեղաւ: Աւելին, նախորդ ընտրութիւնների համեմատ մօտ 3,5 միլիոն ընտրող չի քուէարկել իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան օգտին»:
Յաջորդ հանգամանքը, ըստ թուրքագէտին, այն է, որ պատմութիւնը կը սիրէ կրկնուիլ եւ այն, ինչ որ տեղի ունեցած է 1989 թուականին, երբ Թուրգութ Օզալ նախընտրեց դառնալ նախագահ եւ ձգեց իր քաղաքական ուժը թուլացած վիճակի մէջ, նոյնը տեղի ունեցաւ նախորդ տարի «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան հետ:
«Էրտողան դարձաւ նախագահ եւ կարծում էր, որ կուսակցութիւնը յանձնել է յուսալի մարդու` Ահմեդ Տաւութօղլուի, բայց վերջինս չունէր այն հեղինակութիւնը, որը կարող էր համախմբել գոյութիւն ունեցող հսկայ ներուժը:
«Եւս մէկ գործօն է «նոր Թուրքիա» կառուցելու Էրտողանի տեսլականը, որը պառակտել է թուրքական հասարակութիւնը: Ըստ էութեան, այս ընտրութիւնները կոչ էին Էրտողանի՝ կանգ առնել ու մտածել այն ապագայի մասին, որը նա ուզում է ստեղծել»,-նշած է Տէր-Մաթէոսեան:
Թուրք հասարակութեան մեծ մասը, անոր խօսքով, դէմ կ՛արտայայտուէր նախագահական կառավարման, զոր Էրտողան կը ցանկանայ ներդնել երկրին մէջ, եւ ոչ պակաս անհանգստացնող գործօն է այն, որ Էրտողան երթալով աւելի ու աւելի մինատիրական կառավարման կ՛անցնի:
Նշենք, որ Յունիս 7ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութիւնը հաւաքած է ընդամէնը 40,8 տոկոս, ընդդիմադիր Ժողովորդա-հանրապետական (CHP) կուսակցութիւնը` 25 տոկոս, Ազգայնական Շարժումը (MHP)` 16,3 տոկոս եւ քրտական Ժողովուրդներու Ժողովրդավար կուսակցութիւնը (HDP)` 13,07 տոկոս:
Վահրամ Տէր-Մաթէոսեան