Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք Պոլսոյ մէջ առաջադրուած հինգ հայ թեկնածուներէն երեքը անցած են խորհրդարան: Անոնք են՝ Սելինա Էօ զուզուն Տողան՝ Հանրապետական Ժողովուրդի կուսակցութենէն, Կարօ Փայլան՝ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութենէն եւ Մարգար Եսայեան՝ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութենէն:
Էրտողանի կուսակցութեան մեծ ձախողութիւնը
Այս ընտրութիւնները վճռորոշ էին այն առումով, որ անոնց իբրեւ արդիւնք յայտնի կը դառնայ, թէ արդեօք Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը կրնա՞յ փոխել սահմանադրութիւնը եւ երկիրը խորհրդարանական համակարգէն դարձնել նախագահական հանրապետութիւն, ինչպէս կը ցանկայ նախագահ Էրտողան:
Միջազգային լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններու ժողովրդային մասնակցութեան տոկոսը բարձր եղած է, յատկապէս մայրաքաղաք Անգարայի մէջ:
Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի ունեցան Թուրքիոյ 81 նահանգներու 174.000 ընտրատեղամասերու մէջ:
Թրքական եւ համաշխարհային լրատուամիջոցները կը հաղորդէին ընտրութիւններուն անպաշտօն արդիւնքները: Ուշ երեկոյեան տուեալներով, բոլոր լրատուամիջոցները հաստատեցին ընտրութիւններուն արդիւնքները, որոնց պատկերը հետեւեալն էր՝ քուէներուն 99,93 առ հարիւրին հաշուարկէն ետք Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը ստացած է քուէներուն 40,81 առ հարիւրը (258 երեսփոխան), Հանրապետական Ժողովուրդի կուսակցութիւնը՝ 25,01 առ հարիւրը (132 երեսփոխան), Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը՝ 16,33 առ հարիւրը (81 երեսփոխան) եւ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութիւնը՝ 13,06 առ հարիւրը (79 երեսփոխան):
Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սելահեթթին Տեմիրթաշ յայտարարեց, որ «Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք միայն Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը չէ որ յաղթեց, այլ նաեւ յաղթեցին Թուրքիոյ մէջ ապրող բոլոր փոքրամասնութիւնները՝ ալեւիները, լազերը եւ հայերը… »: