Պոլսոյ Պողազիչի համալսարանի Կանանց Ուսումնասիրութիւններու Ակումբը բեմադրած է պոլսահայ գրող Զապէլ Եսայեանի մասին ներկայացում մը: Թրքական «Ozgur-gundem» լրատուական կայքի հաղորդումով՝ «Զապէլ» խորագիրով բե մադրութիւնը ներկայացուած է մշակութային բազմազանութեան օրերու ընթացքին:
Ըստ Ermenihaber.amի՝ Պողազիչի համալսարանի թատերասրահին մէջ բեմադրուած ներկայացումը Յունիս 2ին ցուցադրուած է նաեւ Երեւանի մէջ:
Զապէլ Եսայեան ծնած է 1878 թուականին Իսկիւտարի մէջ: Յաճախած է Սորպոնի համալսարանի գրականութեան եւ փիլիսոփայութեան բաժամնունքը: Եսայեան 1908 թուականին վերադարձած է Կ.Պոլիս, Ատանայի ջարդերու առիթով ստեղծուած պատուիրակութեան կազմին մէջ 1909 թուականին մեկնած է Կիլիկիա, Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ» թերթին մէջ տպագրած է յօդուածներ աղէտին մասին: 1915ին կրցած է խոյս տալ ձերբակալութենէ եւ ապաստանած է Թիֆլիս: 1918 թուականին Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ կազմակերպած է հայ տարագիրներու եւ ողբերու հաւաքման ու տեղաւորման գործը: 1933 թուականին հաստատուած է Խորհրդային Հայաստան: 1936 թուականին գրողներու միութեան մէջ իր ելոյթին յաջորդած է այդ տարիներուն զանգուածային դարձած չարագուշակ երեւոյթը` չսպասուած ժամին դրան թակոցը, ապա եւ ձերբակալութիւնը: Պաքուի բանտէն գրողին գրած նամակները խօսուն են՝ նոյն տոկուն, խիզախ կեցուածքը: Անոր կեանքի ողբերգական աւարտը՝ ողբերգական մահուան հանգամանքները մինչեւ այժմ անյայտ են: 1937ի ստալինեան բռնաճնշումներու ընթացքին Զ. Եսայեան ձերբակալուեցաւ եւ Սիպիր աքսորուելով մահացաւ 1942ին կամ 1943ին, անյայտ պայմաններու մէջ: