Պոլ­սա­հայ յայտ­նի մտա­ւո­րա­կան, լե­զո­ւա­բան Սե­ւան Ն­շա­նեան, որ եր­կար ժա­մա­նակ թրքա­կան բան­տի մէջ է, յայտ­նած է, որ յա­ռա­ջի­կա­յին կա­յա­նա­լիք խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն կ’ա­ջակ­ցի ընդ­դի­մա­դիր քրտա­ կան Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դե­մոկ­րա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան:

Այ­տըն Ե­նի­փա­զար փակ տե­սա­կի բան­տին մէջ դեռ ար­գե­լա­փա­կո­ւած պոլ­սա­հայ մտա­ւո­րա­կա­նի «­Թո­ւի­թեր» պլո­քին վրայ յայտ­նո­ւած է հե­տե­ւեալ գրա­ռու­մը.-

«­Բան­տին մէջ ըլ­լա­լու վա­տա­գոյն կող­մը այն է, որ Կի­րա­կի օ­րը հնա­րա­ւոր պի­տի չըլ­լայ ձայն տա­լու Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Դե­մոկ­րա­տա­կան Կու­սակ­ցու­թեան: Դուք իմ տեղս կու տա՞ք»: Թուր­քիոյ մէջ հեր­թա­կան խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան Յու­նիս 7ին: Երկ­րին մէջ ընտ­րու­թեանց պի­տի մաս­նակ­ցի 53 մի­լիոն 765 հա­զար 231 մարդ, իսկ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ` 2 մի­լիոն 867 հա­զար 658: Ընտ­րու­թեանց ներգ­րա­ւո­ւած են 20 կու­սակ­ցու­թիւն ու պատ­գա­մա­ւո­րու­թեան 165 ան­կախ թեկ­նա­ծու: