Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Ռե­ճէփ Թա­յիպ Էր­տո­ղան ե­լոյթ ու­նե­ցած է Պոլ­սոյ Ա­ռեւտ­րա­յին Պա­լա­տի կող­մէ Չ­րա­ղան պա­լա­տին մէջ (կա­ռու­ցո­ւած ճար­տա­րա­պետ Սար­գիս Պա­լեա­նի կող­մէ) կազ­մա­կեր­պո­ւած ձեռ­նար­կին: Էր­տո­ղան իր ե­լոյ­ թին մէջ ը­սած է, որ Յու­նիս 7ին Թուր­քիոյ մէջ կա­յա­նա­լիք խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ա­ռաջ հայ­կա­կան լոպ­պին, The New York Times եւ The Ekonomist թեր­թե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ Թուր­քիոյ դէմ միու­թեան դա­շինք ձե­ւա­ւո­րո­ւած է:

Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հը մաս­նա­ւո­րա­պէս ը­սած է.-

«­Հայ­կա­կան լոպ­պին, The New York Timesը եւ The Ekonomistը միա­ւո­րո­ւած են ու Թուր­քիոյ վրայ սեւ ամ­պեր կու­տա­կե­լու ժո­ղով­ներ կը կազ­մա­կեր­պեն:

Ա­նէծ­քի ժո­ղով­նե­րը գոր­ծին չօգ­նե­ցին, հի­մա ալ սկսած են քաո­սի սե­նա­րիո­նե­րով (բե­մագ­րու­թիւն­նե­րով) ժո­ղով­ներ ի­րա­կա­նաց­նել»: