alt«Ար­մի­նիըն Ո­ւիք­լի»ի կայ­քը կը գրէ, որ թրքա­կան հե­տա­խու­զու­թիւ­նը միայն փոքր շրջա­նի մը մէջ 1600 հայ ըն­տա­նիք յայտ­նա­բե­րած էր:
Թուր­քիոյ մէջ իս­լա­մա­ցած հա­յե­րու խնդի­րը բարդ է այն­քա­նով, որ բազ­մա­թիւ ըն­տա­նիք­ներ ի­րենք զի­րենք կը

հա­մա­րեն թուրք կամ քիւրտ, հան­գիստ կ­՛ապ­րին ա­ռանց ազ­գա­յին ինք­նու­թեան վե­րա­նայ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան, բնաւ չկաս­կա­ծե­լով, որ պե­տու­թեան գաղտ­նի ծրար­նե­րուն մէջ ի­րենք հայ կը հա­մա­րո­ւին: Մա­մու­լին կող­մէ պատ­շաճ ար­ձա­գանգ չգտաւ 2011ի այն ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը, որ կրնար լուրջ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­նալ Թուր­քիոյ տա­րած­քին իս­լա­մա­ցո­ւած հա­յե­րու խնդի­րին վրայ: Եւ այ­սօր ա­ւե­լի քան տե­ղին է անդ­րա­դառ­նալ այդ ի­րա­դար­ձու­թեան: Յի­շեց­նենք դա­տա­վա­րու­թիւ­նը:
2011ի Սեպ­տեմ­բե­րին, Պոլ­սոյ ծանր յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու 16րդ դա­տա­րա­նին մէջ քննո­ւող «Օ­տա Թի.­Վի.» կա­յա­նի հար­ցով, մե­ղադ­րանք ներ­կա­յա­ցո­ւած էր լրագ­րող Սե­ներ Եալ­չը­նին, ո­րով­հե­տեւ թրքա­կան զի­նո­ւած ու­ժե­րու եւ թրքա­կան հե­տա­խու­զու­թեան ծա­ռա­յու­թեան գաղտ­նի գոր­ծա­կալ Քա­շիֆ Քո­զի­նօղ­լո­ւի կող­մէ ա­նոր յանձ­նո­ւած էին գաղտ­նի բո­վան­դա­կու­թեամբ 17 փաս­տա­թուղ­թեր:
Մեզ հե­տաքրք­րո­ղը ոչ այն­քան լրագ­րո­ղի դա­տա­վա­րու­թիւնն ու Թուր­քիոյ պե­տա­կան գաղտ­նի փաս­տա­թուղ­թե­րու պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յա­նի յանձն­ման փաստն է, որ­քան իս­լա­մա­ցո­ւած եւ ի­րենց ար­մատ­նե­րուն ան­տե­ղեակ 1600 հայ ըն­տա­նիք­նե­րու ցու­ցակն է, որ բաղ­կա­ցած է 84 է­ջէ: Այս կը նշա­նա­կէ, որ թրքա­կան հե­տա­խու­զու­թեան ծա­ռա­յու­թիւ­նը (MIT) եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր յա­տուկ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն կա­տա­րած է Թուր­քիոյ յատ­կա­պէս հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան մար­զե­րուն մէջ եւ, մաս­նա­գի­տու­թեան բնո­րոշ ջա­նա­սի­րու­թեամբ եւ ճշգրտու­թեամբ, հա­շո­ւած է ծա­գու­մով հայ ըն­տա­նիք­նե­րու թո­ւա­քա­նա­կը: Սա­կայն պէտք է ա­ւելց­նել, որ այս տո­ւեալ­նե­րը կը վե­րա­բե­րին միայն Տիգ­րա­նա­կեր­տի Լի­ճէ շրջա­նին: Այ­սինքն, փոք­րիկ շրջա­նի մը մէջ թրքա­կան պե­տա­կան գաղտ­նի սպա­սար­կու­թիւն­նե­րը հա­շո­ւած են 1600 հայ ըն­տա­նիք: