Էրտողան իր ելոյթին մէջ յիշեցուցած Է հայկական լոպպիին մասին
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Թայիպ Էրտողան այցելած է Թուրքիոյ Ուրֆա քաղաք, ուր հանրութեան հետ հանդիպում մը ունեցած է: Էրտողան՝ խօսելով Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած թուրք-քիւրտ բախումներուն մասին՝ անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ այն քաղաքական ուժե րուն, որոնք - անոր պնդումով - Թուրքիան մասնատելու նպատակով կը համագործակցին հայկական սփիւռքին հետ: Էրտողան՝ ակնարկելով որոշ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու, մասնաւորապէս ըսած է.- «Հոկտեմբեր 6-8ի դէպքերուն ժամանակ, մարդիկ փողոց հանեցին եւ 50 հոգիի մահուան պատճառ դարձան: Չաղլայանի դատարանին մէջ մեր դատախազը սպաննուեցաւ, մեր ազգին սպառնացող կազմակերպութեան հետ ձեռք-ձեռքի՞ տուած են: «Քաղաքական միակ նպատակը այս երկրին ու ազգին թշնամի հանդիսացող հայկական լոպպիական ուժերուն հետ համագործակցի՞լն է, ի՞նչ է»: Էրտողան նաեւ մեղադրանքներ հնչեցուցած է Սուրիոյ ղեկավարութեան հասցէին: Ըստ անոր սուրիական իշխանութիւնները անտարբեր են սեփական ժողովուրդի կրած տառապանքներուն նկատմամբ: