­Թուր­քիոյ վար­չա­պետ Ահ­մեթ Տա­ւու­թօղ­լու, Իզ­մի­րի մէջ թրքա­կան հե­ռա­տե­սի­լի ա­լիք­նե­րէն մէ­կուն տո­ւած հար­ցազ­րոյ­ցի մը ժա­մա­նակ, ընդ­դի­մա­դիր քրտա­մէտ Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան Կու­սակ­ցու­թեան (Ժ.Ժ.Կ. - HDP) հա­մա­նա­խա­գահ Սա­լա­հեթ­թին Տէ­միր­թա­շը քննա­դա­տած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ըն­դու­նե­լուն եւ, ա­տով նաեւ, քիւրտ ժո­ղո­վուր­դի ու­նե­ցած պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան մա­սին յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­նե­լուն հա­մար:

Տա­ւու­թօղ­լու, հե­ռա­տե­սի­լէն դի­մե­լով քիւրտ ժո­ղո­վուր­դին, ը­սած է.- «Ին­չո՞ւ Տէ­միր­թաշ կը յայ­տա­րա­րէ, թէ կը պաշտ­պա­նէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թե­ման այն պա­հուն, երբ դեռ ըն­թաց­քի մէջ է հաշ­տու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը (թուրք-քրտա­կան - EH): Եւ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցով բա­ցէ ի բաց Թուր­քիան դա­տա­պար­տող յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ կ­՛ը­նէ: Ըստ էու­թեան ամ­բող­ջո­վին մեր դէմ ուղ­ղո­ւած ար­շաւ կ­՛ի­րա­կա­նաց­նէ:

«­Տէ­միր­թաշ նոյ­նիսկ կ­՛ը­սէ, որ այդ հար­ցով քիւր­տե­րու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան բա­ժինն ալ կայ եւ քիւրտ ժո­ղո­վուր­դի ա­նու­նէն նե­րո­ղու­թիւն կը խնդրէ: «­Հի­մա կը դի­մեմ մեր քիւրտ եղ­բայր­նե­րուն.- «Ար­դեօք կրնա՞յ ձեզ ներ­կա­յաց­նել մէ­կը, որ ձե­զի հան­դէպ մե­ղադ­րանք­նե­րով հան­դէս կու գայ»:

Թուր­քիոյ վար­չա­պե­տը Տէ­միր­թա­շը մե­ղադ­րած է նաեւ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ Հայ­կա­կան Ս­փիւռ­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հետ հան­դի­պե­լու, ա­պա հաշ­տու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը խա­փա­նա­րա­րու­թեան են­թար­կե­լուն մէջ: Տա­ւու­թօղ­լո­ւի կար­ծի­քով՝ Տէ­միր­թաշ պէտք է քիւրտ ժո­ղո­վուր­դին բա­ցատ­րու­թիւն տայ, թէ Հայ­կա­կան Ս­փիւռ­քի հետ ի՞նչ սա­կար­կու­թիւն­նե­րու մէջ մտած է: