Պոլ­սոյ Թուզ­լա թա­ղա­մա­սին մէջ գտնո­ւող հայ­կա­կան «Ար­մէն» ճամ­բար-որ­բա­նո­ցի շէն­քին կա­լո­ւա­ծագ­րա­յին փաս­տա­թուղ­թը այս շա­բաթ պի­տի վե­րա­դար­ձո­ւի Հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րա­մին: Այս մա­սին կը յայտ­նէ թրքա­կան «էվ­րեն­սել» թեր­թը:

Ըստ թեր­թին` այդ մա­սին «Ա­կօս» ձայ­նաս­փիւ­ռի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին յայտ­նած է Յա­րութ Օ­զեր: Պոլ­սա­հայ Կա­րա­պետ Օ­րու­նուզ եւս «էվ­րեն­սել»ին յայտ­նած է, որ ճամ­բա­րի շէն­քին սե­փա­կա­նա­տէ­րը խոս­տա­ցած է Մա­յիս 27ին հան­դէս գալ շէն­քէն հրա­ժա­րե­լու մա­սին յայ­տա­րա­րու­թեամբ եւ սկսիլ կա­լո­ւա­ծագ­րա­յին փաս­տա­թուղ­թը Հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րա­մի ա­նու­նով ձե­ւա­կեր­պե­լու գոր­ծա­ռոյթ­նե­րը: Օ­րու­նոզ նաեւ ա­ւել­ցու­ցած է, որ «Ար­մէն» ճամ­բա­րը պի­տի շա­րու­նա­կէ գոր­ծել ամ­բողջ ամ­րան ըն­թաց­քին: Այս մա­սին Twitterի իր է­ջին մէջ գրա­ռում կա­տա­րած է նաեւ քրտա­կան Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան Կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ պատ­գա­մա­ւո­րու­թեան թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րո­ւած յայտ­նի հայ գոր­ծիչ Կա­րօ Փա­լեան: Ան յայտ­նած է, որ «Ար­մէն» ճամ­բա­րի սե­փա­կա­նա­տէր Ֆա­թիհ Ու­լու­սոյ ի­րեն ը­սած է, որ ո­րո­շած է որ­բա­նո­ցը նո­ւի­րա­բե­րել Հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րա­մին: «Ար­մէն» ճամ­բա­րը, ուր մին­չեւ 1983 թո­ւա­կա­նը ա­պաս­տա­նած են մօտ 1500 հայ որ­բեր, թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ զաւ­թո­ւած է 1987 թո­ւա­կա­նին եւ վա­ճա­ռո­ւած է թուրք գոր­ծա­րա­րի մը: